2011-01-05 13:35:46

Էջ Մը Հայ Գրականութենէն։

Մկրտիչ Արմէն (1906-1972). Մեծատաղանդ Հայ Արձակագիրը։


1906ի Դեկտեմբեր 27ին ծնած էր եւ 38 տարի առաջ, 22 Դեկտեմբեր 1972ին իր մահկանացուն կնքեց հայկական արձակի մեծագոյն վարպետներէն Մկրտիչ Արմէն, որ իր գլուխործոց ՝՝Հեղնար Աղբիւր՝՝ վիպակով արժանաւորապէս նուաճեց անմահութիւնը եւ գնաց միանալու հայ գրականութեան Մեծերու Հոյլին։


Աւազանի անունով Յարութիւնեան Մկրտիչը Գիւմրիի զաւակ էր, ծնած էր արհեստաւոր Գրիգորի յարկին տակ եւ իր ծնունդով պայմանաւորուած այդ կրկնակ պատկանելիութիւնը աւանդապահ Գիւմրեցին ու կենսասէր ընչազուրկը, ներշնչման աղբիւրն ու մղիչ ուժը դարձաւ հայկական արձակի այս մեծատաղանդ վարպետին։

Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու պարտադրման առաջին քայլերուն զուգադիպեցաւ, պատանի տարիքէն գրելու բնատուր ձիրքով օժտուած, Մկրտիչ Արմէնի մուտքը հայ գրականութեան անդաստանէն ներս։


Տարրական կրթութիւնը ստացաւ Գիւմրիի Սուրբ Փրկիչ եւ Տղայոց միջնակարգ վարժարաններուն մէջ, ապա՝ երբ հայրը մահացաւ, յաճախեց ամերիկեան միսիոնարներու վարժարանը, որ Առաջին Աշխարհամարտէն վերապրած հայ որբերու գլխաւոր ուսումնական հաստատութիւններէն մէկն էր։

Բարձրագոյն ուսման հետեւեցաւ Մոսկուայի ֆիլմարուեստի հիմնարկի բեմագրական բաժանմունքին մէջ, եւ ուր կատարելագործեց գրելու իր արուեստը՝........ արձակը դարձաւ Մկրտիչ Արմէնի ինքնադրսեւորման գլխաւոր միջոցը, որ իր բարձրակէտը նուաճեց 1935ին լոյս տեսած ՝՝Հեղնար Աղբիւր՝՝ վիպակով։

Մինչեւ իր գլուխործոցը, Մկրտիչ Արմէն ե՛ւ վէպերով, ե՛ւ պատմուածքներով անդրադարձած էր, խորհրդային կարգերու տակ, մէկ կողմէ տոհմիկ ու աւանդական արժէքներուն եւ, միւս կողմէ, նորայայտ եւ այսպէս կոչուած բանուորա-գիւղացիական յեղափոխական բարքերու բախումին։

, Մկրտիչ Արմէն հասկնալիօրէն տուրք տուաւ իր ժամանակի տիրող գաղափարախօսութեան։ Սէրն ու ամուսնութիւնը, ընտանեկան սրբութիւններն ու աւանդապահութիւնը քաղքենիական կեղծիք հռչակած պոլշեւիկեան գաղափարախօսութեան մականին տակ, Մկրտիչ Արմէն երիտասարդ գրողը բնականաբար իր հերոսները պէտք է ներկայացնէր այդ ամբողջ ՝՝ՀԻՆ՝՝-ը մերժողի հոգեկերտուածքով։ Բայց հայ արձակի տաղանդաւոր վարպետը անձնատուր չեղաւ վարչակարգի այդ կաշկանդումին։ Ողբերգութիւնը գրականացուց մարդկային իր ամբողջ բարդութեամբ, խորութեամբ եւ ծանրութեամբ։ Անցեալի արժէքներուն կառչած իր կերպարներն ու հերոսները վերածեց ծայր աստիճան մարդկային ու համակրելի, կենսուրախ եւ կենսունակ տիպարներու, որոնք ՝՝ՆՈՐ՝՝-ին առջեւ խոնարհելով հանդերձ՝ շարունակեցին իրենց մէջ պահպանել ու գուրգուրանքի արժանացնել անցեալի ժառանգութեան անկորնչելի արժէքները։

Իր Հեղնար Աղբիւր վիպակով՝ Մկրտիչ Արմէն խորհրդահայ մարդուն ներքին այդ պառակտումի ողբերութեան տուաւ դասական կատարելութեամբ գրականեղարուեստական մեծարժէք մշակում։ Աւանդական Գիւմրիի հայկական տոհմիկ բարքերու եւ արժէքներու խորապատկերին վրայ, Մկրտիչ Արմէն քանդակեց աղբիւր կառուցող Ուստա Մկրտիչի աշխատանքային փիլիսոփայութիւնն ու բարոյականութիւնը, ինչպէս եւ Հեղնարի ամուսնական անհաւատարմութեան ընդմէջէն թէ՛ հայ կնոջ ազատագրութեան մեծ խնդիրը, թէ՛ ընտանեկան աւանդապահութեան անխուսափելի նահանջը, թէ՛ սիրոյ եւ հաւատարմութեան յաւերժական առեղծուածը։

Նման ընդրկումով եւ մտածողութեամբ գրողը, որ իբրեւ Ակսէլ Բակունցի կրտսեր եղբայրը, հայ արձակին առջեւ բացաւ նոր հորիզոն, բնականաբար իր վրայ հրաւիրեց կատաղի բարկութիւնը խորհրդային վարչակարգի սպասարկուներուն։ Յատկապէս Նայիրի Զարեան քննադատական անխնայ հարուածի տակ առաւ Մկրտիչ Արմէն երեւոյթը՝ ընդհանրապէս անոր գրականութիւնը եւ մասնաւորապէս Հեղնար Աղբիւրը ուղղակի բանադրելով իբրեւ ազգայնամոլական եւ քաղքենիական վտանգաւոր ստեղծագործութիւն։
1937ին Մկրտիչ Արմէն արդէն բանադրուեցաւ իբրեւ ժողովուրդի թշնամի եւ ամբողջ 11 տարի դատապարտուեցաւ սիպիրեան աքսորի։

Աքսորէն վերադառնալէ ետք տաղանդաւոր հայ գրողը անշուշտ արժանացաւ մեր ժողովուրդին գրկաբաց ընդունելութեան, բայց հին օրերու ստեղծագործական թէժ կրակը այլեւս մարմրած էր Մկրտիչ Արմէնի մէջ։ Աւելի քան քսան տարի շարունակեց ստեղծագործել, արժէքաւոր նոր գործեր ալ մատուցանեց հայ գրականութեան, բայց Հեղնար Աղբիւրը անկրկնելի մնաց։

1971ին Հայֆիլմը շարժանկարի վերածեց հայ գրականութեան այս գլուխործոցը եւ Հեղնար Աղբիւրը, այս անգամ իբրեւ հայկական ժապաւէնի դասական մեծարժէք նուաճում, նորովի կեանք առաւ եւ սերունդներու կազմաւորման մէջ հիմնական ներգործութիւն ունեցաւ։







All the contents on this site are copyrighted ©.