2011-01-05 10:13:02

Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա Քաղաքին Մէջ Ղպտի Եկեղեցւոյ Մը Դէմ Յարձակումին Յաջորդեց Ինկուշեթիոյ Մէջ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցի Մը դէմ Յարձակում Մը։


Աղեքսանդրիոյ Մէջ Ղպտի Եկեղեցւոյ Մը Դէմ յարձակումը պատճառեց 21 զոհ եւ աւելի քան 95 վիրաւոր պատճառած յարձակումէն ետք, Ինկուշեթիոյ մէջ ռուս ուղղափառ եկեղեցի մը յարձակումի ենթարկուեցաւ։
Անծանօթ զինեալներ Ինկուշեթիոյ Օրճոնիքիծէ գիւղին մէջ ռուս ուղղափառ եկեղեցին հարուածեցին ։ Անոնք մէկ կրակոց արձակած են եւ վնաս պատճառած եկեղեցւոյ գմբէթին, սակայն վիրաւորներ չեն արձանագրուած կը հայորդէ ՌԻԱ Նովոսթի լրատու գործակալութիւնը։
- Միւս կողմէ, Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարարը՝ Հապիպ Ատելի յայտնեց, որ օտար կողմեր մեղսակից են Աղեքսանդրիոյ մէջ ղպտիներու Ամենայն սրբոց եկեղեցւոյ դէմ կատարուած յարձակումին։ Նշենք նաեւ, որ գերմանական ոստիկանութիւնը Գերմանիոյ մէջ բնակող ղպտիները զգուշացուց իրենց դէմ կատարուելիք հաւանական յարձակումէ մը։
- Շաբաթ, առաւօտ, 1 յունուար 2011-ի առաւօտեան Արամ Ա կաթողիկոսը, ղպտի եկեղեցւոյ պետ՝ Շնուտա Գ պատրիարքին ուղղած իր նամակով, խստիւ դատապարտեց Աղեքսանդրիոյ ղպտի եկեղեցւոյ դէմ կատարուած ահաբեկչական գործողութիւնը։
Իր նամակին մէջ վեհափառը կ'ըսէ նման ահաբեկչական բռնարարքներ անընդունելի են, եւ խստօրէն կը դատապարտենք կատարուած գործողութիւնը, որ անմեղ զոհեր խլեց։
- Ղպտիներու Շնուտա Գ պապը յայտնեց, որ մտադիր է Ս. Ծնունդի տօնին պատարագել։ Աղօթք չընել կը նշանակէ, թէ ահաբեկչութիւնը մեզ զրկած է Քրիստոսի ծնունդը տօնելէ, ընդգծեց ան։ Նշենք, որ Շնուտա Գի նստավայրը եղող Գահիրէի Ս.Մարկոս եկեղեցւոյ առջեւ գիշեր ատեն ղպտիներու եւ ոստիկանութեան միջեւ տեղի ունեցաւ բախում մը, որ պատճառեց երկու կողմերէն վիրաւորներ։
Ղպտիները Եգիպտոսի 80 միլիոն բնակչութեան 10 առ հարիւրը կը կազմեն եւ կը դժգոհին, թէ իրենց նկատմամբ խտրական մօտեցում կը ցուցաբերուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.