2011-01-04 13:02:32

Եգիպտոսէն Ետք Կովկասի Մէջ Յարձակում Եկեղեցւոյ Դէմ։


Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքին մէջ Ղպտի եկեղեցւոյ մը դէմ 22 զոհ եւ աւելի քան 90 վիրաւոր պատճառած յարձակումէն ետք, Ինկուշենցիոյ մէջ ռուս ուղղափառ եկեղեցի մը յարձակումի ենթարկուեցաւ։ ՝՝Ռիա Նովոսթի՝՝ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ անծանօթ զինեալներ երէկ( 3 յունուար) Ինկուշենցիոյ Օրճոնիքիծէ գիւղին մէջ ռուս ուղղափառ եկեղեցին գնդակոծեցին նռնականետով։ Անոնք մէկ կրակոց արձակած են եւ վնաս պատճառած՝ եկեղեցւոյ գմբեթին, սակայն վիրաւորներ չեն արձանագրուած։ Միւս կողմէ գերմանական ոստիկանութիւնը Գերմանիոյ մէջ բնակող ղպտիները զուշացուց իրենց դէմ կատարուելիք հաւանական յարձակումէ մը։







All the contents on this site are copyrighted ©.