2011-01-03 13:02:31

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Հովուական Ճամբորդութիւնները Նախատեսուած 2011 Տարւոյն Համար ։


Պենետիկտոս ԺԶ սրբազան քահանայապետը 2011 տարուոյ ընթացքին պիտի կատարէ հետեւեալ առաքելական այցելութիւնները։
7-8 մայիս Վենետիկի Ագուիլէա շրջանը։ 4-5 յունիս Գրոացիա։ 19 յունիսին պիտի այցելէ Սան Մարինոյի Թեմը ապա օգոստոս 18 - 21 պիտի մեկնի Մատրիտ երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան առթիւ։
11 սեպտեմբերին պիտի այցելէ իտալիոյ Անգոնա քաղաքը ուր պիտի կատարէ սուրբ հաղորդութեան նուիրուած՝ ազգային գիտաժողովի փակումը։
22-25 սեպտեմբերին Նորին Սրբութիւնը հովուական այցելութիւնը կը կատարէ Գերմանիա։
9 հոկտեմբերին Իտալիոյ Լամէցիա Թերմէ եւ Սէրրա Սան Պրունոն քաղաքները կ՛այցելէ իսկ 18-20 նոյեմբեր առաքելական ճամբորդութիւն կը կատարէ Պենէան։








All the contents on this site are copyrighted ©.