2011-01-03 13:14:56

Արամ Ա կաթողիկոստ հայրապետական պատգամը Նոր տարուան առիթով։


Վեհափառը Նոր տարուան առիթով իր պատգամը ուղղեց հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն՝ վեր առնելով երեք կէտեր, որոնք մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքը պէտք է առաջնորդեն։
- Վեհափառը կարեւորութեամբ շեշտեց հաւատքին տեղն ու դերը մարդու կեանքին մէջ։
- Վեհափառը կոչ ուղղեց հայ ժողովուրդի զաւակներուն ազգային արժէքներով հարստանալու։
- Վերջապէս, Արամ Ա կաթողիկոս ընդգծեց սիրոյ կարեւորութիւնը՝ իբրեւ հայ ազգը իրարու զօդող անքակտելի շաղախ։
Աւետարանի պատգամ-ներուն վերլուծումով, վեհափառը ցոյց տուաւ, որ սէրն է այն միակ օղակը, որ հայ ազգի ոսկեայ շղթան պիտի միացնէ իրարու եւ պիտի կենսագործէ մեր բոլոր հաւաքական իղձերն ու երազները։
Իր պատգամի վերջին բաժնով վեհափառը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ հայ ժողովուրդի զաւակները պահէ իր հովանիին ներքեւ, խաղաղ ու բարգաւաճ կեանք շնորհէ բոլոր հայ ընտանիքներուն, հայ եկեղեցւոյ, պետական կառոյցներուն ու հիմնարկներուն, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր հայու կեանքը ծաղկեցնէ քրիստոնէական արժէքներով։








All the contents on this site are copyrighted ©.