2011-01-02 10:00:00

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատգամը 2011-ի խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան)  ''Կրօնական ազատութիւնը խաղաղութեան ճամբայ'' այս է 2011 տարուայ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին  խաղաղութեան համաշխարհային օրուան պատգամի բանաբանը որ  որ ուղղուած է ոչ միայն հաւատացեալներուն այլ եւ ''բարի կամք ունեցող մարդոց'' եւ յատկապէս պետական անձնաւորութիւններուն։

Սրբազան Հայրը իր պատգամը կ՛ուղղէ բոլորին, աշխատելով նիւթին տալ ''աստուածաբանական'' խորացուած տեսութիւն մը։

Պենետիկտոս ԺԶ. կ՛ընդգծէ թէ ''2010 տարին'' յատկանշուեցաւ հալածանքով, խտրականութեամբ,  բռնութեան ահաւոր արարքներով ու կրօնական անհանդուրժողութեամբ''։ Այդ ուղղութեամբ՝ Ան կ՛անդրադառնայ Իրաքին, մասնաւորապէս Պաղտատի ասորի կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ դէմ եւ Իրաքեան մայրաքաղաքի քրիստոնեայ տուներու դէմ գործադրուած յարձակումներուն ինչպէս նաեւ բռնութեան եւ անհանդուրժողութեան արարքներուն,  Ասիայիյ, Ափրիկէի, Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Ս. Երկրի մէջ։ Նորին Սրբութիւնը, պատգամին մէջ ապա կը յիշէ Միջին Արեւելքի Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի Հայրերու զօրակցութիւնն ու քաջալերանքը կաթողիկէ համայնքներուն։

Աշխարհի կարգ մը վայրերու մէջ, դիտել կու տայ Սրբազան Հայրը, կարելի չէ դաւանիլ եւ ազատօրէն դրսեւորել կրօնական սեփական հաւատքը, եւ զայն կատարելու  պարագային` հաւատացեալը  վտանգի մէջ կը դնէ իր կեանքը ու անհատական ազատութիւնը ։ Այլ վայրերու մէջ, կան աւելի բարդ ու լռելեայն նախապաշարում եւ հակառակութիւն, հաւատացեալներուն ու կրօնական խորհրդանիշերուն նկատմամբ։ Քրիստոնեաները ներկայիս որպէս կրօնական  հասարակութիւն,  իրենց հաւատքին համար ամենէն աւելի հալածուած հասարակութիւնն են ։

կամայականօրէն մերժել ու սահմանափակել  նման ազատութիւն մը, կը նշանակէ մթագնել կրօնքին հրապարակային դերը, կը նշանակէ մշակել մասնական տեսութիւն մը մարդկային անհատին, կը նշանակէ ստեղծել անարդար եւ անկատար ընկերութիւն մը, կը նշանակէ անկարելի դարձնել հարազատ եւ տեւական խաղաղութեան հաստատումը` մարդկային համայն ազգին համար կը գրէ Պենետիկտոս ԺԶ հաստատելով թէ  ''Մարդու էութիւնը, առարկայ մը չէ, այլ անձ մը, ունի բնական կոչում մը­, ինքզինք իրականացնելու, կապ հաստատելով ուրիշին հետ եւ Աստուծոյ հետ''։ Հրեայ - քրիստոնէական իմաստութեան մէջ, անհատը վերացական արժանաւորութիւն եւ էական արժէք մըն է։ Այս մէկը պէտք է ընդունուի որպէս տիեզերական արժէք, անհրաժեշտ` ընկերութեան մը կերտումին որ կը հետապնդէ մարդու իրականացումն ու լիութիւնը։

 2011ի խաղաղութեան համաշխարհային պատգամը կ՛ընդգծէ հարկաւորութիւնը կրօնական ծաւալին, ոչ միայն Եւրոպայի  այլ եւ համաշխարհայնացած աշխարհին, ներառելով զանազան մշակոյթներն ու քաղաքակրթութիւնները։

Անբաժան կապ մը կայ ազատութեան ու յարգանքի միջեւ։ Կրօնական ազատութիւնը հիմն է բարոյական ազատութեան ու քաղաքային համակեցութեան։ ''Ցնորք է բարոյական յարաբերականութեան մէջ գտնել բանալին խաղաղ համակեցութեան, ընդհակառակն անոր մէջ կը գտնենք բաժանումը եւ ուրացումը մարդու արժանաւորութեան'' կը գրէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը  մէջբերելով 2008ին` ՄԱԿի ընդհանուր ժողովին առջեւ արտասանած ճառը։

Նորին Սրբութեան համար անըմբռնելի է որ հաւատացեալները ''ջնջեն իրենց էութեան մէկ մասը, իրենց հաւատքը, դառնալու համար գործօն քաղաքացիներ, ուրանալ զԱստուած իրենց իրաւունքները ունենալու համար''։ Երբ կրօնական ազատութիւնը ընդունուած է, անհատին արժանաւորութիւնը կը յարգուի եւ այսպէսով կը զօրանան բարոյականն ու ժողովուրդներու հաստատութիւնները''։

Պատգամը ապա կը շօշափէ բացայայտօրէն նաեւ դժուարութիւնները որ այսօր կը դիմագրաւէ կրօնական ազատութիւնը. սկսեալ՝  Իրաքի եւ Միջին Արեւելքի մէջ եւ Ափրիկէի, Ասիայի բազմաթիւ երիրներու մէջ ժխտուած ազատութենէն։

Քահանայապետը  կ՛ընդգծէ կրօնական ազատութեան չարաշահութեան վտանգները։ ''քօղարկել թաքուն շահեր, ինչպէս` օրինակի համար, կառավարութեան տապալումը, հարստութեան վրայ տիրապետումը կամ իշխանութեան գրաւումը խմբակի մը կողմէ։ Այս ամէնը` մեծ վնասներ կարող են հասցնել ընկերութեան եւ հակառակ են կրօնքին''։  Նորին Սրբութիւնը կը մատնանշէ կրօնքի հանդէպ նախապաշարումին` որպէս սահմանափակում կրօնքի ազատութեան։ Այս երկու տուեալները կարող են դառնալ վտանգ մը ընկերային խաղաղութեան համար։

Պենետիկտոս ԺԶ հաւատացեալներէն կը պահանջէ որ համոզումով ապրին իրենց հաւատքը ու անոնց ապրումները ըլլան համաձայն քրիստոնէական սկզբունքներուն։


Սրբազան Քահանայապետը կը նկարագրէ որդեգրելիք կարեւոր քայլերը զարգացնելու՝ կրօնական ազատութիւնը, որպէս միջոց խաղաղութեան իրականացումին։

Առաջինը` անկեղծ երկխօսութիւն պետական ու կրօնական մարմիններու հետ, անհատին ամբողջական զարգացումին ու ընկերութեան ներդաշնակութեան համար։   Երկրորդ բարոյական ճշմարտութիւնը իր դերը պէտք է ունենայ քաղաքականութեան ու դիւանագիտութեան մէջ։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը դիտել կու տայ թէ համաշխարհայնացած ընկերութեան մը մէջ,  միշտ աւելի բազմազգային, բազմամշակութային ու բազմադաւան, մեծ կրօնները կարող են մարդկային ազգին համար դառնալ դերակատար` միութեան ու խաղաղութեան։ Կրօնապետերը իրենց դերին, ազդեցութեան ու իշխանութեան բերումով մեծ պատասխանատուութիւն ունին գործելու կրօնքի ու խիղճի ազատութեան ի խնդիր։

2011-ի Խաղաղութեան համաշխարհային օրուան պատգամը հրաւէր մըն է երկխօսութեան` որպէս ճշմարտութեան փնտռտուք։ ''Եկեղեցւոյ համար, կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը, երկխօսութիւնը զանազան կրօններու հետեւորդներուն հետ, կը հանդիսանայ համագործակցութեան կարեւոր միջոց մը, հասարակաց բարիքին համար''։

Նորին Սրբութիւնը յաճախ զօրակցութեան եւ հոգատարութեան խօսքը կ՛ուղղէ տառապեալ, հալածուած ու բռնարարքներու զոհ Ասիայի, Միջին Արեւելքի ու մասնաւորապէս Ս. Երկրի քրիստոնեայ համայնքներուն։ Կը խնդրէ բոլոր պատասխանատուներէն գործել, վերջ դնելու այդ շրջաններու մէջ ապրող քրիստոնեաներու կրած հալածանքին։ Հուսկ իր մաղթանքը կը յայտնէ ''որպէսզի քրիստոնեայ արեւմուտքը, եւ մասնաւորապէս Եւրոպան, դադրեցնէ թշնամանքը ու նախապաշարումը քրիստոնեաներու դէմ. պարզապէս որովհետեւ անոնք կը փափաքին իրենց կեանքը ապրիլ` Աւետարանի հիման վրայ, որ է արդարութիւն, ներդաշնակութիւն եւ խաղաղութիւն եւ մշակել անկեղծ երկխօսութիւն մը բոլոր ժողովուրդներուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.