2011-01-02 11:34:31

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Կիրակի 2 յունուար 2011 կէսօրին իր գրասենեակի պատշգամէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքի ընթացքին` Նորին Սրբութիւնը նորոգեց` համայն աշխարհի հաւատացեալներուն ուղղած` Ամանորի բարեմաղթութիւնները ու խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան սուրբ գրային ընթերցումին քաղուած Յովհաննէսի աւետարանէն գլոիխ 1 համար 14 <<Եւ Բանը Մարմին եղաւ եւ բնակեցաւ մեր մէջ>>։Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց Յիսուսի գալստեան իբր փրկիչ մարդկութեան։
Ապա Պենետիկտոս ԺԶ անդրադարձաւ Եգիպտոսի Ղպտի եկեղեցիոյ առջեւ կատարուած ահափեկչական պայթումին ու անոր զոհերուն` նշելով թէ այս վատ արարքը նախատինք մըն է Աստուծոյ ու համայն մարդկութեան դէմ։ Սրբազան Քահանայապետը աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած ու իր մօտիկութիւնը յայտնեց զոհերու ընտանեկան պարագաներուն ու յանձնարարեց եկեղեցական հասարակութիւնը հաստատ մնալու իրենց հաւատքին մէջ եւ վկայելու Աւետարանի հակաբռնութեան պատգամը։ Սրբազան Քահանայապետը յիշեց նաեւ Իրագի եւ համայն աշխարհի հարստահարուած քրիստոնեաները ու նա մանաւանդ 2010-ի ընթացքին զոհ եղած առաքեալները։
Ապա խօսքը եզրափակեց ըսելով. Մնանք ամրապնդուած Քրիստոսով մեր սէրն ու մեր խաղաղութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.