2010-12-31 12:06:37

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Ուրբաթ 31 դեկտեմբեր 2010 տարւոյն 365-րդ եւ վերջին օրը, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Ս. Պետրոս տաճարին մէջ կը գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը, որուն կը յաջորդէ Տիրամօր պատկերին յարգանքի մատուցում , ապա Ամենասուրբ Հաղորդութեան երկիրպագութիւն։ Այս արարողութեան աւարտին ''Փառք ի Բարձունս'' շարականը կ'երգցուի շնորհակալութիւն յայտնելու Պարգեւիչ Ամենայն Բարեաց Տիրոջ 2010ին շռայլած բարիքներուն համար։ Հուսկ Նորին Սրբութիւն Ս. Պետրոսի հրապարակը պիտի ուղղուի այցելելու հոն զետեղուած մսուրը։ Յայտնենք թէ Ամավերջի եւ ամանորի ծիսակատարութիւններուն, Ս. Պետրոս Պազիլիքայի աւագ խորհանը կը զետեղուի Sacro Monte di Viggiano Տիրամօր արձանը, որ ԺԱ. դարէ ի վեր կը բարձրանայ Լուգգա շրջանի մէջ, պաշտպանելու՝ այդ շրջանի բնակիչները մահմետական յարձակումներէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.