2010-12-31 12:07:21

Չինաստանի Կառավարութիւնը Պաշտօնապէս Կը Ճանչնայ Գերապայծառ Շու՝ Որպէս Առաջնորդը Ուենշու Թեմի։


Գերապայծառ Շու, որ գաղտանաբար եպիսկոպոս օծուած էր, որպէս առաջնորդ Ուենշու թեմին, Սրբազան Քահանայապետի օրհնութեամբ, պաշտօնապէս ճանչցուեցաւ Փեքինի կառավարութենէն։ Ան կը յաջորդէ գերապայծառ Ճեյմս Լին Կզիլիի, որ 2009ին վախճանած էր։ Նշենք թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Ծննդեան իր պատգամին մէջ խրախուսած է Չինաստանի քրիստոնեաները արիութեամբ դիմադրելու հալածանքին ու չվհատելու, եւ միաժամանակ Չինաստանի կառավարիչներէն խնդրած էր որ յարգուի կրօնական ազատութեան օրէնքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.