2010-12-30 13:22:52

Վատիկան Քաղաքի Քահանայապետական Յանձնախումբը Նոր Օրէնք Մը Վաւերացուցած Է Դրամի Լուացումի Դէմ, Ու Նաեւ Պայքարելու Ահաբեկիչներու ֆինանսաւորումի Դէմ։


Վատիկանը, 30 դեկտեմբերին բազմաթիւ նոր օրէնքներ սահմանած է հայող՝ դրամի լուացումի դէմ ու ահաբեկիչներու ֆինանսաւորումի դէմ։ Այս օրէնքները արդիւնքն են 2009ի ստորագրուած՝ համաձայնութեան մը Եւրոմիութեան հետ։ Անոնց գործադրումը եւ ստեղծումը ''ֆինասական տեղեկատուութեան իշխանութեան'' պատճառ պիտի դառնայ որ Վատիկանի դրամատունը մաս կազմէ "White list" ''Սպիտակ Ցանկի'' այն խումբի երկիրներու որոնք կը յարգեն կանոնները լուացումի դէմ պայքարին։ Այդ ուղղութեամբ
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը առաքելական նամակ մը՝ ''քահանայապետական ինքնագիր'' մը ստորագրած է։ Անիկա կը միտի նախատեսել ֆինանսական ու դրամական ապօրինի գործողութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.