Հինգշաբթի 30 դեկտեմբեր 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ
ընդունեց Pueri Cantores `փոքրիկ երգիչներու միջազգային դաշնակցութեան հաւաքին մասնակցողները
թիւով շուրջ 4.500 հոգի։ Յայտնենք թէ Երաժշտութեան ասպարէզի մէջ «Հայաստանի փոքրիկ
երգիչներ» անուան խումբը աշխոյժ գործունէութիւն կը կատարէ վերջին 18 տարիներուն ընթացքին:
Երգչախումբը բաղկացած է երեք խումբերէ եւ կը կատարէ հայկական և արտասահմանեան ստեղծագործութիւններ՝
հինգէն քսաններորդ դարերու Մոցարտ, Պախ,Կոմիտաս և Եկմալյանի ստեղծագործութիւնները: Նշենք
թէ «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» խումբը կոչուած է միաւորելու Հայաստան գտնուող համայն
երիտասարդութիւնը՝ միջազգային փառատօներու և ներկայացումներու միջոցաւ ներկայացնելու
Հայաստանի հարուստ երաժշտական փորձառութիւնը: