2010-12-30 13:24:20

Իտալիոյ Կառավարութիւնը Կը Դատապարտէ Նիճերիոյ Քրիստոնեաներու Դէմ Կատարուած Ահաբեկչութիւնները։


Իտալական կառավարութիւնը խստիւ դատապարտեց Ծնունդի օրը կատարուած միջկրօնական բռնութիւնները, որուն հետեւանք աւելի քան 50 հոգի զոհ գացին, այս բռնութիւնները պատճարեցին նաեւ 70 վիրաւորներ։
Մահափորձերը կատարուեցան մահմետական Պոքօ Հարամ կոչուած խմբակի կողմէն։ Յայտնենք թէ Նիճերիոյ մէջ քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու համակեցութիւնը շատ դժուար դարձած է մոլեռանդ մահմետականներու պատճառով։ Նիճերիոյ արտգործ նախարարութեան ներկայացուցիչը, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յայտարարած է թէ կառավարութիւնը կ'աշխատի ձերբակալել խրովարարները ու պատճել զանոնք։
Նշենք թէ Նիճերիոյ մէջ շարք մը յարձակումներ տեղի ունեցան եկեղեցիներու դէմ Ծննդեան Տօնին շրջանին։ Նիճերիան կը հաշուէ շուրջ 150 միլիոն բնակիչ, որոնց 50 տոկոսը քրիստոնեայ է եւ միւս 50-ը մահմետական։
26 դեկտեմբերին` Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքին, իր ցաւը յայտնեց ի լուր Փիլիպեան կղզեխումբի եւ Նիճերիոյ քրիստոնեաներու սպաննութեան։
Սրբազան Հայրը անգամ մը եւս կոչ ըրաւ հրաժարելու վրէժխնդրութենէն, եւ խաղաղ լուծումներ գտնելու՝ ընդհարումներուն, տալու համար բնակիչներուն անվտանգութիւն եւ անդորրութիւն։
Յայտնենք թէ Ծննդեան տօնի այս շրջանին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաճախ խօսած է կրօնական ազատութեան յարգանքի մասին։
Դժբախտաբար ներկայ աշխարհի համապատկերը կը պարզէ քրիստոնեաներու դէմ հալածանք, Իրաքէն սկսեալ, ապա Չինաստան, Փաքիստան, Նիճերիա, Փիլիպեան, կղզեխումբը, Հնդկաստան եւ նոյնիսկ Ինտոնեզիա ուր քրիստոնեաները անհանդրժողութեան ու կրօնամոլութեան թիրախ դարձած են։ Քրիստոնեաներու դէմ մղուած հալածանքի երեւոյթը անհատներու գործը չէ, այլեւ՝ արդիւնք վերոյիշեալ պետութիւններու խտրական օրէնսդրութեան ։








All the contents on this site are copyrighted ©.