2010-12-29 12:54:42

Ս. Ստեփանոսի Տօնը Եւ Սարկաւագաց Օրը Անթիլիասի Մէջ։


Քրիստոնէական եկեղեցւոյ Նախավկայ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնին առիթով Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցական յատուկ արարողութիւն, նախագահութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսի:
Արդարեւ, Սարկաւագաց տօնին առիթով, հանդիսաւոր ժամերգութիւնը եւ նախատօնակը կատարուեցաւ Հինգշաբթի 23 Դեկտեմբերի որուն ընթացքին Դպրեվանքի սարկաւագաց դասը քահանայական սաղաւարտներով խնկարկութիւն կատարեց Աստուծոյ Սուրբ Խորանին, ծառայական այս աստիճանին խոնարհ օրինակը ցոյց տալով: Ս. Ստեփանոսի տօնը ըլլալով Սարկաւագաց յատուկ տօն, Դպրեվանքի սարկաւագաց դասը դասախօսական յատուկ յայտագիր պատրաստած էր, որ տեղի ունեցաւ Նախատօնակէն անմիջապէս ետք, Վեհարանի դահլիճին մէջ, որուն ներկայ գտնուեցան Միաբան Հայրեր, ուսուցիչներ եւ հաւատացեալներ: Բարեշնորհ Սարկաւագները իրենց ներկայացուցած ձեռնարկով, վեր առին սարկաւագութեան իմաստն ու ծառայական ոգին եկեղեցւոյ կեանքէն ներս: Ընթերցումներ կատարուեցան Նոր Կտակարանէն եւ Նարեկ Աղօթամատեանէն: Յանուն Դպրեվանքի սարկաւագաց ու կիսասարկաւագաց դասին, ուղերձ կարդաց Բարշ. Մուրատ Սրկ. Չորպաճեան: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց խոնարհագոյն աստիճանին՝ սարկաւագութեան յանձնառութիւնը՝ ապագային ամբողջական նուիրումով ծառայելու եկեղեցւոյ ու ազգին: Գեղարուեստական յայտագրով Դպրեվանքի երգչախումբը կատարեց Շ. Պէրպէրեանի դասշնաւորած ՙՔրիստոս Պատարագեալ՚ը, ՙԽաչը՚ եւ ՙԵթէ զիս տանիս՚ հոգեւոր երգերը:
Ձեռնարկի աւարտին, Արամ Վեհափառը իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն ու յատկապէս Դպրեվանքի ուսանողութեան, հայ եկեղեցւոյ սպասաւորութեան կարգերը ներկայացնելով իբրեւ միջոց՝ Աստուծոյ ու ազգին ծառայութեան, ան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Սուրբ Ստեփանոսի անձին ընդմէջէն արտացոլացող հաւատքին, նուիրումին ու համեստութեան: ՙԵկեղեցական կարգերուն ճամբով փառքի փնտռտուքը, իսկական ծառայութիւն չէ: Ան որ շահու կամ փառքի հետամուտ է, չի՜ կրնար ամբողջական ծառայութիւն մատուցել, իսկ անոր նուիրումը կեղծ կը դառնայ ու ապարդիւն՚, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը: Վեհափառ Հայրապետը յոյս յայտնեց, որ իւրաքանչիւր Դպրեվանեցիի մէջ նոր Սուրբ Ստեփանոս մը կը ծնի, իր հաւատքով, ծառայասիրութեամբ, նուիրումով, համեստութեամբ ու զոհողութեան գիտակցութեամբ:
Հանդիսութենէն ետք, Մայրավանքի սեղանատան մէջ տրուեցաւ սիրոյ սեղան, որուն սպասարկեցին Դպրեվանքի սարկաւագները, ծառայութեան գործնական օրինակը տալով:








All the contents on this site are copyrighted ©.