2010-12-29 12:53:36

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը Կնոջ դերը եկեղեցւոյ մէջ նիւթին մասին։


Չորեքշաբթի 29 դեկտեմբեր` Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի աւելի քան 5 հազար ուխտաւորներու, խմբուած Պօղոս Զ ի անուան սրահին մէջ։
Նորին Սրբութիւնը շարունակելով իր խորհրդածութիւնը Կնոջ դերին եկեղեցւոյ մէջ նիւթին մասին, ներկայացուց Պոլոնիայի սրբուհի Կատարինէն։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Պոլոնիայի սրբուհի Կատարինէ ծնած է 8 սեպտեմբեր 1413ին։ Երիտասարդ տարիքին, ֆեռարա արքունիքի մէջ ստացաւ գեղարուեստական եւ գերականութեան ընդարձակ մշակոյթ։ Կատարինէ Աստուծոյ շնորհքով լուսաւորուած, շուտով թողուց արքունիքի կեանքը եւ այլ կիներու հետ որոշեց նուիրուիլ Աստուծոյ։ Ան միշտ եղած է բարեպաշտ, ծառայասէր ու զուարթ, Քրիստոսի հանդէպ ու խաչելութեան հանդէպ յատուկ սէր մը ունէր։ Յետագային նուիրեալ կիներու հետ միասին որդեգրեցին սրբուհի Պայծառի կանոնագիրքը։ Անոր հոգեւոր կեանքը եղաւ տառապանքով ու փորձութեամբ լեցուն։ Իր գիրքը ''հոգեւոր եօթը զէնքերը'', կ'արտացոլայ անոր հարազատ հաւատքը Աստուծոյ հանդէպ, անոր կեանքի պարզութիւնը եւ խոնարհութեան խորութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր տենչ բաղձանքը Աւետարանի քարոզութեան եւ հոգիներու փրկութեան։ Վանքին մէջ ամենէն համեստ գործերը կը կատարէր ամենայն սիրով ու հնազանդութեամբ, իր միաբանակիցներուն ընծայելով լուսաւոր վկայութիւն։ 1456ին կ'ընտրուէր որպէս մեծաւոր մայրը նոր միաբանութեան։ Միաբանակից քոյրերը կը քաջալերէր ապրիլ աւետարանական հոգիով, համբերութեամբ տանիլ փորձանքները ու զարգացնել աստուասիրութիւնը ու եղբայրսիրութիւնը, միշտ պատրաստակամ` կատարելու Աստուծոյ կամքը։
Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց հրաւիրելով ներկաները պատրաստ ըլլալ Աստուծոյ կամքը կատարելու, Նախախնամութեան վստահիլ ու հնազանթութեան արժէքը վերագտնել։
Այս խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները անոնցմէ խնդրելով աշխատիլ վեհանձնութեամբ ու քաջութեամբ կատարել Աստուծոյ մեր վրայ ունեցած ծրագիրը, որովհետեւ Ան է անշարժ ժայռը, որու վրայ կարելի է շինել մեր կեանքը։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանադներուն եւ նորապսակեալներուն հրաւիրելով զանոնք համեստ կեանք մը ապրիլ աշխատելով միշտ կատարելու Աստուծոյ կամքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.