2010-12-28 11:11:24

Սարկաւագական ձեռնադրութիւն Մայր Աթոռ Սբ Էջմիածնում


Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Դեկտեմբերի 25-ին մեծ շուքով նշուեցաւ Ս Ստեփանոս Նախավկայի եւ առաջին մարտիրոսի տօնը։ Ամէն տարի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Ս Ստեփանոսի տօնին առթիւ, մեծ հանդիսաւորութեամբ կը կատարուի սարկաւագական ձեռնադրութիւն։
Արտակ եպիսկոպոս Տիրանեանը կատարեց Գեւորգեան Հոգեւոր Ճեմարանի 30 սաներու սարկաւագական ձեռնադրութեան արարողութիւնը։
Յընթացս Ս Պատարագի ձեռնադրող Սրբազանը յաւուր պատշաճի իր խօսքին մէջ ներկայացուց Ս Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնի խորհուրդն ու պատագամը, եւ մասնաւոր կերպով իր խօսքը ուղղելով նորընծայ սարկաւագներուն, ըսաւ անոնց ՜՜ վստահ ենք, որ պիտի դառնաք բաբախող սիրտը այն եկեղեցւոյ, որու երակներուն մէջ պիտի հոսի ձեր ծառայութեան եւ առաքինի կեանքի ազնիւ հեղուկը։ Պիտի դառնաք այն հեղուկը, որ պիտի հոսի այն մեծ սրտի մէջ, ուր մեր Տէրն կը բնակի եւ ձեր օրինակելի ընթացքով ու արդիւնաւէտ գործերով պիտի ապրիք Յիսուսի հետ, Յիսուսի համար եւ Յիսուսի մէջ՝՝։
Արտակ Սրբազանը իր խօսքին աւարտին մաղթեց, որ ամենակալ Տէրը նոր ստեփանոսներ ծնի մեր եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ եւ թող որ ամենազօր Փրկիչը ((նոր վկաներ, նուիրեալ քրտինքով կեանքը մարտիրոսութեամբ կնքած զաւակներ հասցնի, որպէսզի անոնց միջոցաւ փառաւորուի ամենակալ Աստուած՝՝ ։ Հուսկ՝ Գարեգին Բ Հայրապետական իր օրհնութիւնն ու հայրական պատգամը բաշխեց Մայր Աթոռի բոլոր սարկաւագներուն եւ իր խօսքը ուղղելով նոր ձեռնադրուածներուն, մասնաւորապէս շնորհաւորեց եւ ողջութիւն մաղթեց անոնց՝ խրատելով օրինակ առնել Ս Ստեփանոսի կեանքի հոգեւոր սխրանքը, անոր հաւատքն ու սէրը, որոնց վրայ պէտք է խարսխուած ըլլայ հոգեւորականի առաքելութիւնը։
Նախորդ օրը, ձեռամբ Արտակ եպիսկոպոս Տիրանեանի, դպրութեան չորս աստիճաններ ստացան 14, իսկ ուրարակիր դարձան՝ 19 ճեմարանականներ։







All the contents on this site are copyrighted ©.