2010-12-27 12:35:50

Քահանայապետական Անուանում։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշանակեց գերապայծառ Գոգոբալմերիոն որպէս անդամ հաւատքի ժողովին։ Ան ներկայիս կը վարէ օգնական եպիսկոպոսի պաշտօնը Միլանօ թեմին, ինչպէս նաեւ՝ նախագահն է կանոնագիրքի քահանայապետական խորհուրդին եւ անդամ Վատիկանի գերագոյն Ատեանին ու եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին։
Սրբազան Հայրը նաեւ նշանակեց չինացի հայր Հոն Թայ-ֆայը, որպէս քարտուղարը ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովին։ Ասիկա առաջին անգամն է որ Վատիկանը չինացի եկեղեցական մը կը նշանակէ նման բարձր պաշտօնի մը։
Սալեզեան հայր Հոն Թայ-ֆայ աստուածաբանութեան դասախօս է Հոնկ-Գոնկի դպրեվանքի եւ անդամ միջազգային աստուածաբանութեան յանձնախումբին։
Ի լուր այս նշանակումին կարտինալ Էչիկարայ` վաստակաւոր նախագահը Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդին, ողջունեց Սրբազան Քահանայապետին քաջութիւնը եւ անուանումին դրական նշանը չինացի քրիստոնեաներուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.