2010-12-27 12:33:46

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Խօսքը Կիրակի Օրուայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքի Ընթացքին .՜՜ Հեռանալ ատելութեան ճանապարհէն եւ գտնել խաղաղ լուծումներ՝՝ըսաւ Նորին Սրբութիւնը


։Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կիրակի օրը կէսօրին՝ ժամը 12ին` իր գրասենեակի պատշգամէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը։
Աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը իր կատարած խորհրդածութեան ընթացքին յայտնեց իր մեծ ցաւը քրիստոնեաներու դէմ կատարուած <<անհեթեթ ուժգնութիւններուն>> համար յատկապէս Նիճերիոյ եւ Փիլիպեան կղզեխումբի մէջ։
Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց որ ատելութեան ճանապարհը թողլով խաղաղ լուծումներ գտնեն ժողովրդին ապահովութեան եւ համերաշխ կեանքի ի խնդիր։ Ծնունդի գիշերը, Նիճերիոյ մէջ քրիտոնեայ եկեղեցիներու դէմ շարք մը աննախնդաց մահափորձեր տեղի ունեցան, որոնց ընթացքին մահացան աւելի քան 56 հաւատացեալներ իսկ վիրաւորեալներուն թիւը հասաւ 70-ի։
Իսկ հարաւային Փիլիպեան կղզեխումբի մէջ` ծննդեան գիշերը` ուրիշ վեց հաւատացեալներ վիրաւորուած են եկեղեցւոյ մէջ պայթումի մը պատճառաւ։
Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ նաեւ աշխարհի զանազան վայրերու՝ ինչպէս Փաքինստանի մէջ , քրիստոնեաներու դէմ կատարուած ահաբեկչական արարքներուն ։ Սրբազան Քահանայապետը ապա խօսեցաւ ընտանիքի մասին յոյս յատնելով որ <<ամէն մէկ նորածին աշխարհ գալով ընտանեկան ջերմութեան կարօտը չզգայ>>։ <<Մանուկները պէտք ունին իրենց հօր ու մօր սիրոյն>> հաստատեց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը։
Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները Տիրոջմէն հայցելով որ առաջնորդէ զիրենք իրենց բոլոր կեանքին ընթացքին, ապա ուղղուեցաւ Պօղոս Զ անուան սրահը, մասնակցելու 300 աղքատներու ի նպաստ պատրաստուած սիրոյ սեղանին։
Այս տնազուրկ աղքատները՝ զանազան ազգերու պատկանող, հիւրնկալուած են Կալկաթայի Մայր Թերեզայի գթութեան քոյրերու միաբանութեան Հռոմի կեդրոններու մէջ ։ Ճաշացանկը կը նախատեսէր, Լազանիա, Հորթի միսով գետնախնձոր, իտալական ՜՜ծննդեան անուշեղէններ՝ տուրմով Pandoro-ն եւ Շանթիլլի՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.