2010-12-26 10:32:54

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Ծննդեան Պատգամը


Պենետիկտոս ԺԶ Արբազան Քահանայապետը 24 Դեկտեմբերին գլխաւորեց Ծննդեան ճրագալոյցի Սուրբ պատարագը որուն սպասարկեցին Հռոմի Լեւոնեան հայ դպրեվանքի ժառանգաւորները։ 25 դեկտեմբերի առաւօտուն Յիսուսի Ծննդեան տօնին` Սուրբ Պետրոսի Կեդրոնական Պատշգամէն, Սրբազան Հայրը Սուրբ Ծնունդի իր պատգամը ուղղեց համայն աշխարհին, տալով ՝՝Urbi et Orbi՝՝ Առաքելական Օրհնութիւնը։
Իր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը լայնօրէն անդրադարձաւ ընդհարումի մէջ գտնուող երկիրներուն` յիշելով մասնաւորապէս Ս. Երկիրը, Իրաքը ու միջին արեւելքի քրիստոնեաները ինչպէա նաեւ Գոդ դ'Իվուար` Ոսկրէ Ափունքը եւ Հայիթին։Քաղաքական գետնի վրայ Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց քաղաքական, կրօնաւորական պատասխանատուներուն` գործելու յանձնառումով կրօնական ազատութեան յարգանքի, մաղթելով Չինաստանի քրիստոնեաներուն համբերութիւն եւ քաջութիւն իրենց կրած կրօնական ազատութեան սահմանափակումին պատճառաւ։Սրբազան Քահանայապետը կոչ ուղղեց նաեւ Իսրայել - Պաղետին հարցի խաղաղ եւ արդար լուծումի համար։ Ու եզրափակեց իր պատգամը ըսելով թող Փրկիչ Քրիստոսը ձեզ պահէ յոյսի մէջ ու բոլորին շնորհէ խաղաղութեան պարգեւը։
Աւանդական այս արարողութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը ծննդեան մաղթանքը յայտնեց 65 լեզուներով։








All the contents on this site are copyrighted ©.