2010-12-24 11:30:57

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ


Հ. Թովմաս Վրդ. Կարապետեանի Կիրակնօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւնը

RealAudioMP3 Կիրակնօրեայ Աւետարանական Խորհրդածութիւն

Կիրակի 28 Օգոստոս, 2011 Բ. ԿԻՐԱԿԻ ԶԿՆԻ ՓՈԽՄԱՆ Մարկ. Դ, 35-40
Այսօրուայ աւետարանի ընթերցումին ընդմէջէն, Քրիստոս մեզի կը ներկայանայ որպէս Տէրը բնութեան եւ անոր ոյժերուն։ Ան կը սաստէ ամեհի փոթորիկին եւ բարձր ալիքներուն եւ անոնք կը հանդարտին։
Բնութեան ոյժերը ահաւոր են։ Երբ փոթորիկ մը ելլէ, կամ ծովը խռովի, մարդկային եւ ոչ մէկ ոյժ կրնայ անոնց դէմ դնել։ Ո՞վ կրցած է մինչեւ օրս տեղատարափ անձրեւը կեցնել եւ կամ ալեկոծ ծովը հանդարտեցնել։ Մարդկային այսօրուայ ահաւոր դեխնոլկիայով հանդերձ, մարդ ապշած եւ ձեռնածալ կը մնայ բնութեան ոյժերուն դիմաց։
Այստեղ, կ՛արժէ անգամ մըն ալ մտածել արարչագործութեան մասին, երբ Աստուած ոչ միայն ապրող էակները ստեղծեց, այսինքն բոյսը, անասունն ու մարդը, այլ նաեւ անշունչ բնական մարմինները՝ ինչպիսին են օդը, ջուրը, հողը եւ կրակը, եւ ասոնցմէ յառաջ եկած բնութեան ոյժերը ինչպիսին են անձրեւը, ծովու ալիքները, ջրհեղեղները, աւազային հովերը, տօթն ու պաղը, ձիւնն ու սառնամանիքը, եւն։
Այո, որքան որ ալ այս ոյժերը ապրող էակներու համար որոշ պարագաներու մէջ մահացու ըլլան, սակայն անոնք նոյն ատեն անհրաժեշտ են որպէսզի աշխարհը իր հաւասարակշռութիւնը պահէ տաքի եւ պաղի միջեւ, եւ որպէսզի մարդկային կեանքը իր բնական շարունակութիւնը ունենայ եւ բնութիւնը իր տարեկան ամբողջական կլիմային շրջանակը բոլորէ, յօգուտ բոլոր ապրող էակներուն։
Իսկ այսօրուայ աւետարանի ընթերցուածին մէջ, կը տեսնենք թէ ինչպէս Յիսուս եւ իր աշակերտները կը գտնուին նաւակի մը մէջ. դժբախտ օր մըն է որովհետեւ, մինչ անոնք նաւակի մէջ են, ահաւասիկ անգամ մըն ալ բնութեան ոյժերը իրենք իրենց մէջ կը դաշնակցին եւ կեանք կ՛առնեն. ամեհի մրրիկը եւ բարձր ալիքները կը սկսին վտանգել նաւակն ու անոր մէջիններուն ապահովութիւնը, իսկ Յիսուս, հանգիստ մը կը քնանար, մինչ աշակերտները հազար հնարքներով կը փորձէին նաւակը հաւասարակշռել հովու ոյժին դիմաց եւ ալիքներուն նաւակի մէջ թափած ջուրը կը ջանային պարպել, սակայն այս բոլորը կը մնային անօգուտ. ամէն վայրկեան նաւը աւելի վտանգուած կը թուէր ըլլալ եւ կը մնար որ ան եւ իր մէջինները իյնային ու խեղդուէին ծովու ջուրերուն մէջ։
Ահա այս վախէն է որ տարուած էին երբ անոնք կ՛արթնցնեն Յիսուսը եւ կը գոչեն. Վարդապետ, հոգդ չէ՞ որ մենք կորսուինք։ Իսկ Յիսուս, արթննալով, կը սաստէր հովին եւ ծովուն կ՛ըսէր. հանդարտէ՛ եւ լուռ կեցի՛ր։ Եւ այդպէս ալ կ՛ըլլար։ Հովը իսկոյն կը դադրէր եւ խոր անդորրութիւն կը տիրէր։
Քրիստոս, Տէրն է բնութեան եւ անոր ոյժերուն։ Անոր կը հնազանդին անոնք երբ ան հրամայէ անոնց։
Աստուած ամէն բան իմաստութեամբ եւ նպատակի մը համար ստեղծեց։ Ստեղծուածները իրենց բնական ընթացքը կ՛առնեն սակայն նոյն ատեն անոնք իր հրամանին տակ կը մնան եւ կը գործեն ճիշդ այնպէս, ինչպէս իրենց Արարիչը փափաքեցաւ երբ զանոնք ստեղծեց։







All the contents on this site are copyrighted ©.