2010-12-23 13:46:39

ֆրանսայի Եկեղեցիներու Խորհրուրդի Պատգամը Աշխարհի Մէջ Հալածուած Բոլոր Քրիստոնեաներուն` ''Լաց Ու Կոծ Եւ Երկար Կսկիծներ''։


Իր պատգամին մէջ, կաթողիկէ, օրթոտոքս եւ բողոքական եկեղեցիներու խորհուրդը կը գրէ. ՜՜կարող չենք Յիսուսի ս. Ծնունդը տօնախմբել առանց մտածելու բոլոր այն քրիստոնեաներու մասին, որոնք աշխարհի մէջ կը կրեն հալածանք, թշնամութիւն եւ զրկում իրենց հաւատքին համար։
Հալածուած, անկար, բանտարկեալ, քանակոծուած կամ պարտադրուած հեռանալ իրենց հողէն,իրենց քրիստոնէական հաւատքին համար, ֆրանսայի եկեղեցիներու խորհուրդը իր զօրակցութիւնը եւ հոգեւոր հաղորդութիւնը կը յայտնէ, ընդգծելով թէ ՜՜մենք միասին կը կազմենք մէկ ընտանիք Քրիստոսի մէջ, գիտցէք թէ մենք ձեզ չենք մոռցած։ Քրիստոսի գալուստը Ծննդեան այս օրերուն բոլորիս համար թող ըլլայ ժամանակ յոյսի ու աղբիւր վերանորոգումի։ Մեր աղօթքը կը բարձրացնենք խաղաղութեան իշխանին որպէսզի արդարութիւնը հաստատուի՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.