2010-12-23 13:45:20

Ռատիովատիկանի Լսատեսողական Սպասարկութեան Նոր Միջոց։


Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի 2010-ի տօնախմբութիւններու առթիւ Ռատիովատիկանի կայքէջը իր այցելուներուն կը ներկայացնէ նոր սպասարկութիւն մը։
Վատիկանի Ձայնասփիւռի կայքէջը պիտի սփռէ, Սրբազան Քահանայապետի Ծննդեան եւ Ամանորի նախագահած՝ արարողութիւնները, բարձրորակ լսատեսողական միջոցով։
24 դեկտեմբերին Յիսուսի Ս.Ծննդեան պատարագի արարողութիւնը կը սփռուի ժամը 22էն սկսեալ , իսկ յաջորդ օրուայ Ծննդեան պատգամը եւ “Urbi et Orbi” օրհնութիւնը` ժամը 12ին։ 2011-ի Յունուար մէկի սուրբ պատարագը ու խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ պատգամը պիտի սփռուի ուղղակիօրէն ժամը 10ին։
Սփռումներու մեկնաբանութեան կարելի է հետեւիլ եօթը լեզուներով` իտալերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, գերմաներէն, սպաներէն եւ փորթուկալերէն։
24-դեկտեմբերի պատարագը պիտի մեկնաբանուի նաեւ՝ չինարէն լեզուով, իսկ յունուար մէկի արարողութիւնը այլ լեզուներու շարքին՝ նաեւ արաբերէն լեզուով։
Նոր սպասարկութեան միջոցին կապուելու համար համացանցի վրայ պէտք է գրէք , ու ապա ընտրել “Audio Video Player” ը ։ Նշենք թէ այս նոր լսատեսողական սպասարկութեան միջոցին, կարելի հետեւիլ ՜՜I phone՝՝ բջիջային հեռախօսներու միջոցաւ եւ կամ ՜՜I Pad-I Pod՝՝ ի միջոցաւ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.