2010-12-23 14:00:24

Արամ Ա.Կաթողիկոս Կ՝ընդունի Հայաստանի Դեսպանը։
 


Չորեքշաբթի, 22 դեկտեմբեր 2010-ի առաւօտուն, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ներքին կեանքին ներկայ հանգրուանին առնչուած հարցեր, ինչպէս նաեւ` Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու կարելիութիւնները:
Վեհափառը կարեւորութեամբ շեշտեց համահայկական հարցերը համազգային տարողութեամբ դիմագրաւելու, ինչպէս նաեւ` համահայկական հայեցակէտով մեր ազգին ու հայրենիքին տագնապները եւ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու հրամայականը:







All the contents on this site are copyrighted ©.