2010-12-22 12:48:24

Տօնական Մթնոլորտ Երեւանի մէջ


Տօնական մթնոլորտ կը տիրէ Երեւանի մէջ, կեդրոնական հրապարակին վրայ տեղադրուած 31 մեթր բարձրութեամբ Եղեւնիի զետեղումէն ետք։ Այս տարի նախատեսուած է տօնական համերգային ծրագրերու կազմակերպումը, յատկապէս մանկական համոյթներու եւ պարային խումբերու, ինչպէս նաեւ հեքիաթային հերոսներու մասնակցութեամբ։ Ծանրութիւն տրուած պիտի ըլլայ Յունուար 1-6 երկարող ժամանակաշրջանին եւս, ուր Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ցերեկային ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան։ Ձմեռ Պապը եւ Ձիւնանուշը անհամբերութեամբ կը սպասուին երեխաներուն կողմէ, մինչ ժողովուրդը գնումներ կը կատարէ Ամանորի սեղանին համար։ Երեւանի շուկան արդէն ողողուած է զանազան ապրանքներով եւ տօնական օրերու յատուկ իրերով։








All the contents on this site are copyrighted ©.