2010-12-22 12:37:19

Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Ս. Փեթերսպուրկ Կը Մեկնի ։


Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարսեան այսօր միօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ Ս. Փեթերսպուրկ կը մեկնի։ Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը յայտնէ, որ աշխատանքային այցելութեան ընթացքին կը նախատեսուի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի եւ Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին երկկողմանի տնտեսական համագործակցութեան առնչուող հարցեր։ Վարչապետին գլխաւորած կառավարական պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Հայաստանի կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Դաւիթ Սարգսեան, Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Վաչէ Գաբրիէլեանը, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ։







All the contents on this site are copyrighted ©.