2010-12-22 12:50:18

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 22 դեկտեմբեր 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի աւելի քան հինգ հազար ուխտաւորներուն, խմբուած՝ Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ։
Նորին Սրբութիւնը այսօրուան խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Յիսուսի ս. Ծննդեան նշանակութեան վրայ։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Յիսնակաց շրջանը որ ուրախալի նախապատրաստութիւն մըն է Յիսուսի Ծննդեան, ամենաբնական կեցուածքն է իւրաքանչիւր քրիստոնեային որ կը սպասէ գալուստը Տիրոջ` Էմմանուէլին որ կու գայ մեր մէջ բնակութիւն հաստատելու։
Մինչ ժամանակի լրումը կը հասնի, Տէրը մեր մէջ կը բնակի ու մեզ դուրս կը բերէ խաւարէն ու փրկութիւն կը շնորհէ աշխարհին, ու մարդոց համար կը սկսի նոր կեանք մը։ Բեթղեհէմի աստղի ճառագայթով ու լուսաւորումով փրկութիւնը աշխարհ հասաւ։
Աղօթքս է, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, որ Բեթղեհէմի այս լուսաւորութիւնը ճառագայթէ աշխարհին վրայ։ Տիրոջ ծնունդը մօտ է։ Ան է որ մեզի կը բանայ ճանապարհը ճշմարիտ կեանքի եւ կը վերադարձնէ սկզբնական կեանքի պայծառութիւնը։
Մեզի կը սորվեցնէ դիտել ու սիրել աշխարհի դէպքերը Աստուծոյ հայեացքով։
Աղօթքս է, ըսաւ Սրբազան Հայրը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով, որ մսուրը` զարմանալի խորհրդանիշը մարդեղութեան խորհուրդին ու գեղեցկութեան, շնորհէ բարի կամք ունեցող բոլոր մարդոց Աստուծոյ անհուն սիրոյ պատկերը։
Այս խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառերով ողջունեց ներկաները մաղթելով անոնց որ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը եւ Ս. Յովսէփը օգնեն մեզի ապրելու այս Խորհուրդը վերանորոգ երախտագիտութեամբ։
Թող Ծնունդի տօնախմբութիւնը մեզի տայ ուրախութիւն եւ զգանք Աստուծոյ բարութիւնը։ Իմ այս մաղթանքներս կը յայտնեմ բոլորին, հիւանդներուն ու տառապեալներուն, ձեր համայնքներուն ու միաբանութիւններուն, ձեր ընտանիքներուն ու ձեր պարագաներուն։
Թող Սրբուհի Մարկերիթ տ'Ուանը, խթանէ ամէն քրիստոնեայ ճանչնալու եւ սիրելու Յիսուսը եւ անոր Մայրը Մարիամ, որպէսզի մեր կեանքը դնենք Աստուծոյ ու եղբայրներուն ծառայութեան։
Բարի ուխտագնացութիւն կը մաղթեմ բոլորին եւ Տէրը օրհնէ ձեզ ըսաւ Սրբազան հայրը. հուսկ Նորին Սրբութիւնը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն, խնդրելով որ Ծննդեան տօնը չըլլայ լոկ նիւթական տօն այլ բարեպատեհ առիթ մը մաքրելու մեր սրտերը լաւագոյնս ընդունելու Փրկիչը որ կու գայ։ Ձեզի բոլորիդ կ'ըսեմ. Շնորհաւոր Ս. Ծնունդ։








All the contents on this site are copyrighted ©.