2010-12-22 13:22:45

Նորաձեւութեան Վարպետ Հայազգի Վերոնիք Կիւզալեան։


Նորաձեւութեան վարպետ՝ Վերոնիք Կիւզալեանի ստեղծած՝ հագուստներու եւ անոնց յարմար արդուզարդերու յատկանիշերը, կը ծնին անձնական եւ զգայուն մօտեցումէ մը։
Իտալահայ սթիլիսթ՝ (նորաձեւութեան վարպետ) Վերոնիք Կիւզալեան վկայուած է Միլանոյի Պրէրա Համալսարանի ՜՜Բեմադրութեան եւ զգեստաւորումի՝՝ ակադեմիայէն ։ Ան աշխատեցաւ միջազգային համբաւ ունեցող նորարարներու՝ - նորաձեւութեան վարպետներու հետ, ըլլայ հաւաքածոյ զգեստներու բարեփոխման աշխատանքին մէջ, ըլլայ նաեւ՝ նորաձեւ զգեստներու ներկայացումներ կազմակերպելու մէջ, մինչեւ որ հասաւ նորաձեւութեան մէջ իր անձնական կոչումին։
Կիւզալեանի արուեստը ոչ միայն գեղագիտական- առեւտրական բնոյթ ունի այլեւ ան մեծապէս ուշադիր է հոգեւոր-խորհրդանշական բնոյթին։
Մաղթանքս է, կ՝ըսէ ան, որ զգեստ գնողը բաժնեկից ըլլայ իմ աշխարհիս, գաղափարիս, յուզումիս եւ զգացումներուս։
՜՜Գործերս խոր ուսումնասիրութեանս արդիւնք են։
Հեռաւոր երկիրներու մէջ գտած եմ ներշնչումի աղբիւրս, արդարեւ զուարթ հոգիով, կ՝ընթանամ աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը փնտռելով հիւսուածեղէններ ու կերպսսներ, ձեւեր ու շարժումներ, քայլեր եւ մարմիններ, որոնք կը յայտնաբերեն իգականութիւնը ու անոր զանազան ձեւերը։ Արուեստի նորութիւններ գտնելու այս փափաքս զիս տարաւ մինչեւ Հնդկաստան, Ափրիկէ, Միջին եւ Ծայրագոյն Արեւելք, Հիւսային եւ Հարաւային Ամերիկաները, ամէն տեղ ուշդրութիւնս կը կեդրոնացնէի գոյներուն, պարերուն, իգական գեղեցկութիւնն ու հրապոյրը յայտնաբերող՝ կերպերու վրայ։ Երկար ճամբորդութիւն կատարեցի, Թհարի անապատները պարեցի գնչուներու հետ, կը հետեւէի կիներու փէշերու քղանցքէն կախուած մետաղէ զարդարանքներու զնգումներուն ու անոնց գոյները մեծ քաշողականութիւն ունէին վրաս։
Նշմարեցի Պալի կղզիի տիկիններու նրբաձեւ լոգանքը` ջրվէժներու տակ, ու Հնդկաստանի մէկ կողմէն միւսը զիս փոխադրող շոքեկառքերու գոյնն ու բոյրը։
Լսեցի Ափրիկէի թմբուկներու ձայնը, նկատեցի անոր փոշիի հնագոյն երկրաչափական տարբեր ձեւերը ու ծանօթացայ Միջին արեւելքի անապատի ոսկեգոյն աւազներուն ու երեսը քօղով ծածկուած տիկիններուն՝՝։
Բնականաբար այս ամէնը մաս կը կազմեն իմ ինքնութեանս, քանի որ՝ ի վերջոյ ինքզինքս կը նկատեմ զաւակը ՜՜այս աշխարհամասի՝ արեւելքի եւ արեւմուտքի միջեւ գտնուող՝՝ հայկական տուտուքի քնքուշ ձայնը մաս կը կազմէ երազներուս, նախնիներուս հնաւուրց լեռներու փառքը, ու աշխարհատարած ժողովուրդիս յատկանշական խորունկ աչքերը, ճանչցուած աշխարհի ամէն կողմերը։
Այս բոլորը զիս կը մղեն շարունակաբար փնտռելու։
Յափշտակուած կը մնամ դիտելով ժողովուրդներու արուստն ու իրողութիւնները։
Նախքան ստեղծելս նոր զգեստ մը, կը սիրեմ նաեւ երեւակայել մարմինը որ կը պարէ, տեսնել զգեստը եւ մարմինը շարժումի մէջ, մտածելով որ առօրեայ ամէնէն պարզ շարժումները կրնան ապրուիլ հիանալի առինքնող ներդաշնակութեամբ։
Կ՝ուսումնասիրեմ ինչպէս զգեստաւորումը ներդաշնակօրէն մարմնին յարմարեցնել,
կ՝ընտրեմ փափուկ եւ գրեթէ անշօշափելի կերպասներ, որոնք կ՝արժեւորեն մարմնի թեթեւ ու նուրբ շարժումները, մէկ խօսքով կ՝ընտրեմ կերպասներ՝ որոնք ամառը թեթեւ ու զով պահեն հագուողը, իսկ ձմեռը հագուստները հանգստաւէտ ըլլան՝՝ ։
Վերոնիքայի պատրաստած զգեստներու կտրուածքը՝ ձեւաւորումը ինչպէս նաեւ կերպասի ընտրութիւնը, բնական եւ ոչ համադրական նիւթերով, վայելչութիւն կու տայ կնոջ մարմնին որ կը հագուի զանոնք։ Կարելի է հագուիլ այս զգեստները օրուան ոեւէ ժամուն՝ ցերեկ կամ գիշեր, եւ յարմար է ամէն առիթներու համար՜՝ այսինքն թէ աշխատանքի ժամանակ եւ թէ տօնի մը առթիւ։
Ան կ՝ըսէ. ՜՜Համբերութեամբ կը փնտռեմ գոյները ինչպէս կ՝ընէ գծագրիչը իր կտաւին համար, նկատի կ՝առնեմ զգեստը հագուող կնոջ գեղագիտական ու հոգեբանական երեւոյթը, ներշնչուելով բնութենէն եւ անկէ բխած զգացումէս։ Թանկագին քարեր, բիւրեղաքարեր, ջրիմուռներ, ծաղիկներ եւ կենդանիներ, զիս կ՝առաջնորդեն իմ այս ներքին ճանապարհորդութեանս ընթացքին, գոյները որսալուս ժամանակ... կը ներկեմ ճերմակ կերպասը խառնելով զանազան նիւթեր մինչեւ որ հասնիմ ու գտնեմ գոյնը որ ունենայ միաժամանակ, հւասարակշիռ յատկութիւններ գոյնը ըլլայ լուսաւոր, ուժգին-կենսունակ, զուարթ, անթափանցելի, եւ խոր...
Թէ որո՞նք են զգացումներս երբ գտնեմ ուզածս։
Ինչպէ՞ս արտայայտեմ...
Եզակի ու անկրկնելի յուզումներով լի զգացում մը...











All the contents on this site are copyrighted ©.