2010-12-22 13:21:53

Կարտինալ Գոջ Կ՛այցելէ Սուրբ Երկրի Պահակը


Քրիստոնեաներու միութեան Քահանայապետական ժողովի նախագահը` Կարտինալ Գոջ այցելեց Երուսաղէմի Սուրբ Երկրի Պահակը ու խօսելով Քրիստոնեայ - Հրեայ յարաբերութիւններու մասին, յոյս յայտնեց որ՝ հրեաներուն հետ երկխօսութիւնը կայանայ Աստուածաբանական գետնի վրայ եւ ոչ թէ դիւանագիտական։
Կարտինալ Գոջ, անցեալ կիրակի հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Երկրի Պահակ Հայր Փիէրպադդիսդա Բիցցապալլայի ու Սուրբ Փրկիչ վանքի հասարակութեան հետ։ Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձաւ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու մասին նշելով որ երկխօսութիւնը տեղի կ՛ունենայ օրթոտոքս 15 տարբեր եկեղեցիներու հետ, որոնց մէկ մասը երկխօսութեան ի նպաստ գործիչներ են, իսկ միւս կողմէն կան անոր դէմ պայքար մղողներ, ուստի՝ երկխօսութեան ուղին շատ անգամ կը հանդիպի խոչընդոտներու ու անոր ընթացքը կը դանդաղի։
Կարտինալ Գոջ հաստատեց թէ՝ Կաթողիկէ եկեղեցին օրթոտոքս միքանի եկեղեցիներու հետ ունի հաւատքի նոյն դաւանութիւնը, բայց ոչ նոյն մշակոյթը։ Իսկ վերանորոգիչ եկեղեցիներու հետ կը կիսենք - ըսաւ ան - նոյն մշակոյթը բայց խորհուրդներու հանդէպ չ՛ունինք միեւնոյն մօտեցումը։ Ապա Կարտինալը մատնանշեց Պենետիկտոս ԺԶ.ի Քահանայապետութեան կարեւորագոյն կէտերը։ Համամիութիւնը՝ եւ մանաւանդ օրթոտոքս եկեղեցւոյ հանդէպ ՜՜մօտեցում՝՝ եւ կրօններու միջեւ երկխօսութիւն, առաջնահերթութիւնը տալով հրեաներուն հետ երխօսութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.