2010-12-22 12:30:45

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ

Տիգրան Արփիարեան (1854-1915).
Հայ մամուլի երախտաւոր նուիրեալ մը.


Հայ ժողովուրդի մերօրեայ սերունդներուն համար այնքան ալ ծանօթ չէ անունը Տիգրան Արփիարեանի, որուն մահուան 95րդ տարելիցը ոգեկոչեցինք Դեկտեմբեր 15ին։
Հայ մամուլի երախտաւոր նուիրեալներէն եղաւ բեղուն քրոնիկագիր եւ խմբագիր Տիգրան Արփիարեան, որ կրտսեր եղբայրն էր հայ գրականութեան անմահ դէմքերէն Արփիար Արփիարեանի։

Պոլսահայ հրապարակագրութեան մէջ իր մնայուն տեղը նուաճած այս մտաւորականը շուրջ երեսուն տարի ամէնօրեայ խօսակիցը եղաւ 19րդ դարավերջի եւ քսաներորդ դարասկիզբի հայ մարդուն, նախ ՝՝Արեւելք՝՝ի եւ ապա ՝՝Մասիս՝՝ի էջերէն կանոնաւորաբար լոյս տեսած իր ազգայինհասարակական քրոնիկներով։

Գաղափարական հայեացքներով ու ազգայինքաղաքական կողմնորոշումներով՝ Տիգրան Արփիարեան հետեւորդն ու գործակիցը եղաւ իր աւագ եղբօր։ Թէեւ չունեցաւ Կարմիր Ժամուցի յեղափոխաշունչ հեղինակ իր եղբօր գաղափարական թռիչքը, բայց ազգային մեր ցաւերուն, թերութիւններուն եւ այլասերումներուն հետեւողական քննարկողն ու անոնց սրբագրումին նուիրուած ճակատաբաց քննադատը դարձաւ։ Պոլսահայ կեանքի ազգային ու հասարակական շաղախի ինքնամաքրման դրօշակիր մը եղաւ, որ իր պարզ լեզուով, անպաճոյճ ոճով եւ դիպուկ ախտորոշումներով՝ ստեղծեց հաւատարիմ ընթերցողներու իր ուրոյն շրջանակը, դարձաւ ամէնօրեայ փնտռուած քրոնիկագիր մը։

Ծնած էր 1854ին Օրթագիւղ, Պոլիս։ Նախնական կրթութիւնը ստացած էր Մաքրուհեան վարժարանին մէջ, ուր աշակերտած էր նաեւ հայ նորավէպի իշխան Գրիգոր Զօհրապի, որուն հետ հաստատուած Տ. Արփիարեանի սերտ մտերմութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ վերջ (Գ. Զօհրապի նախաձեռնած Մասիսի հրատարակութեան մէջ Տիգրան Արփիարեան ունեցաւ հիմնական ներդրում՝ իբրեւ խմբագիր եւ ամէնօրեայ սիւնակագիր)։

Աւարտելով Թարգմանչաց վարժարանը՝ Տ. Արփիարեան քանի մը տարի պաշտօնավարեց Պատրիարքարանի մէջ։ Բայց հրապարակագրի ջիղը շուտով զինք հեռացուց պատրիարքարանի դիւանատունէն եւ 1885էն սկսեալ ան աշխոյժ աշխատակցութեամբ միացաւ ՝՝Արեւելք՝՝ թերթին՝ հայ կեանքի լուսաւորման ազատական իր հայեացքներուն ժողովրդականացման համար ամէնօրեայ ասպարէզ փնտռելով։

՝՝Արեւելք՝՝ը նաեւ խմբագրական իր ընդունակութեանց ծաղկումի դաշտը հանդիսացաւ։ Աշխատակիցներ իր շուրջ համախմբելու եւ Արեւելքը նկարագիր ունեցող թերթ դարձնելու Տ. Արփիարեանի յաջողութիւնը օգնեց, որ ան սիրուած ու յարգուած հեղինակութիւն դառնայ պոլսահայ մտաւորական կեանքին մէջ։ Այդ հիման վրայ ալ, 1890ականներու սկզբնաւորութեան, երբ Գրիգոր Զօհրապ ստանձնեց Մասիս թերթի հրատարակութեան պատասխանատուութիւնը, Տիգրան Արփիարեան անվարան ընդառաջեց Զօհրապի հրաւէրին եւ լծուեցաւ Մասիսի ազգայինգաղափարական դիմագծի վերանորոգումին՝ իբրեւ խմբագիր եւ քրոնիկագիր։


Հայաստանի Հանրապետութիւնը 14 Դեկտեմբեր 2010ի թուակիր իր կայքէջին վրայ, Խաչատուր Դադայեանի կողմէ հրապարակած էր Տիգրան Արփիարեանի գրչին պատկանող ակնարկ մը, որուն մարմնաւորած ոգին ու պատգամը արժանի են ընթերցողի ուշադրութեան՝ հայ մամուլի երախտաւոր այս նուիրեալին մահուան տարելիցին առիթով։

Սիւնակը կը կրէ Կովկասեան յիշատակներէս. Թիֆլիսէն՝ Բօրժօմ խորագիրը եւ կը վերաբերի ակնարկագիրին երկաթուղագծային շոգեկառքով մէկ ճամբորդութեան, որու ընթացքին Տ. Արփիարեան անակնկալօրէն կը յայտնուի միեւնոյն վակոնին մէջ կովկասահայ մեծահամբաւ միլիոնատէր Աղեքսանդր Մանթաշովի հետ։ Մանթաշով եւ իր ծերունի մայրը կարժանան ամբողջ վակոնի ճամբորդներուն յարգանքին եւ մեծարանքին, իսկ Տ. Արփիարեան բախտը կունենայ զրուցելու այնքան մեծահարուստ, բայց միաժամանակ պարզ ու հայասէր Մանթաշովին հետ։ Հայ մեծահարուստ բարերարը ջերմ երկրպագուն էր Գրիգոր Արծրունիի թիֆլիսեան Մշակ թերթին, որուն ատենին կաշխատակցէր Արփիար Արփիարեան, որուն եղբայրը ըլլալու իր հանգամանքով՝ Տիգրան կարժանանայ Մանթաշովի յատուկ հոգածութեան։ Կը զրուցեն ազգը յուզող մեծ ու փոքր խնդիրներու մասին եւ ճամբորդութեան աւարտին, երբ արդէն մօտէն ծանօթացած են իրարու, Տ. Արփիարեանի ակնարկը կը յանգի հետեւեալ պատգամով պսակումի. Թէյ ըմպելու համար երբ կայարան մտանք, կովկասահայ միլիոնատէրը, հայրական բարի ժպիտով մը եւ ձեռքի ուժեղ սեղմումով մը, ափիս մէջ սահեցուց մագաղաթեայ փոքրիկ պահարան մը, առանց բառ մը արտասանելու։

Երկու ժամ վերջ, երբ կառքերով ճամբայ ելանք ու իրիկնամուտին Բօրժօմ հասանք մեր վիլլաներուն դուռը՝ իսկոյն խուցս առաջնորդուեցայ։ Առաջին գործս եղաւ, բնականաբար, բանալ մագաղաթեայ բօրթֆօէյլը։ Կը բովանդակէր հինգ հարիւր ռուպլի եղբօրս՝ Արփիար Արփիարեանին անունին եւ նոյնքան գումար մը՝ իմ անունիս, համակրական բառեր պարունակող մի քանի տողերով։

Եւ երբ կը մտածեմ այստեղի հարուստ կոչուած ազնուաշուքներուն վրայ, որոնք, երբ տարեց ու հիւանդ գրագէտ մը իրենց կը դիմէ սրտաշարժ նամակով մը, առ առաւելն կէս նափօլէօն կը ղրկեն սպասաւորին հետ... ...ու զզուա՜նք կու գայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.