2010-12-21 14:53:59

Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարտինալ Պերթոնէի Ուղերձը Մանուկ Յիսուսի Նուիրուած Հռոմի Մանկաբուժարան Կատարած Այցելութեան Առթիւ։


Յիսուսի Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ, կարտինալ Պերթոնէ` Վատիկանի պետական քարտուղարը այցելեց ՜՜ Մանուկ Յիսուսի՝՝ նուիրուած Հռոմի մանկաբուժարան, տանելով իր հետ ծննդեան նուէրներ հիւանդ մանուկներու համար ։
Կարտինալը, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի անունով՝ գնահատանքի խօսք ուղղեց մանկաբուժարանի անձնակազմին, որ նախանձախնդրութեամբ կը խնամէ հիւանդ մանուկները, առողջութիւն մաղթելով բոլորին ։
Բարի Ծնունդ ամէնուդ, ըսաւ Կարտինալը, թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիամ իր մայրական հովանաւորութեամբ լիացնէ ձեր կեանքը։







All the contents on this site are copyrighted ©.