2010-12-21 14:54:12

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Բարեմաղթութիւնները Ծննդեան եւ Ամանորի Զոյգ Տօներու Առթիւ։


Ս. Ծննդեան եւ Ամանորի զոյգ տօներուն առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, երկուշաբթի՝ 20 դեկտեմբերին ընդունեց Վատիկանի բարձրաստիճան պաշտօնեանները, անոնց յայտնելու իր շնորհաւորութիւնները եւ ընդհանուր ակնարկ մը տալու՝ անցնող տարւոյն դէպքերուն։
Կարտինալ Սոտանօ՝ որպէս գահերէցը կարտինալական դասին, ճառ մը ուղղեց, իր, Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկանի Պետութեան պատասխանատուներուն անունով, Ս. Ծնունդը եւ Ամանորը շնորհաւորեց Սրբազան Հօր, շնորհակալութիւն յայտնելով Եկեղեցւոյ հանդէպ տածած հոգատարութեան համար։
Ձեր Սրբութեան օրինակին հետեւելով կ'ուզենք մեր կարգին մեր զօրակցութիւնը յայտնել բոլոր տառապեալներուն ըսաւ Կարտինալ Սոտանօ ու յայտնեց թէ կարտինալական դասը այս տարի դրամահաւաք կատարած է, շուրջ 200 հազար Եուրօ, օգնութեան հասնելու համար Հայիթիի եւ Իրաքի տառապող եղբայրներուն։
Նորին Սրբութիւնը իր կարգին իր արտասանած ճառին մէջ երկարօրէն անդրադարձաւ որոշ եկեղեցականներու պատճառած գայթակղութիւններուն, որոնք մթագնեցին եկեղեցւոյ դիմագիծը։ Այս խոնարհեցումը պէտք է ընդունինք վասն ճշմարտութեան սիրոյն եւ որպէս առիթ բարեփոխուելու։
Միմիայն ճշմարտութիւնը կարող է մեզ փրկել, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, հրաւիրելով՝ կղերը ապաշխարութեան, հատուցումի ու լաւ պատրաստութեան, առանց մոռնալու այն անթիւ անհամար քահանաները որոնք իրենց բարութեամբ ու սրբութեամբ կ'աշխատին Աստուծոյ փառքին ու եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։
Նոյնպէս՝ Սրբազան Քահանայապետը խնդրեց քաղաքական ու կրօնական պատասխանատուներէն որ ՜՜պաշտպանը՝՝ ըլլան գաղթականներուն։
Սրբազան Հայրը վերակոչեց Միջին Արեւելքի ու Ս. Երկրի համար գումարուած եպիսկոպոսական սիւնոդոսը, ինչպէս նաեւ իր կատարած երկու առաքելական ճամբորդութիւնները` առաջինը Կիպրոս եւ երկրորդը Անգլիա։







All the contents on this site are copyrighted ©.