2010-12-21 14:53:22

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը


Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէն՝ Յիսուսեան Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի, այս շաբթուայ խբագրականին մէջ անդրադարձաւ <<Կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն>> նիւթին , մատնանշելով Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ պատգամը։
<<Քրիստոնեաները, որպէս կրօնական հասարակութիւն, այսօր կը ներկայացնեն հալածանքի ենթարկուող հաւատացեալներու ամենամեծ թիւը, իրենց հաւատքի հետեւանքով>> ։
Սրբազան Քահանայապետին խաղաղութեան օրուայ պատգամի ամենէն ազդու նախադասութիւններէն մին է սոյն յայտարարութիւնը, որովհետեւ շատեր կ՛ապրին այն համոզումով թէ՝ քրիստոնեաները ընդհանրապէս գրաւած են առաջնահերթ դիրքեր եւ իրենց պատճառաւ միւս կրօններու հետեւորդները կ՛ենթարկուին խտրականութեան։
Մինչ օրէ օր աճող` վստահելի աղբիւրներէ քաղուած տեղեկութիւններ, մեզ կը հրաւիրեն սրբագրելու այս տեսակէտը եւ ճշմարտութիւնը յայտնելու։
Այս չէ սակայն, պատգամին կեդրոնական մասը, որ ինչպէս ամէն տարի լայն հորիզոններով կ՛ուղղուի համայն մարդկութեան բարիքին ի նպաստ, կոչ ուղղելով մարդու արժանապատուութեան` ամէն անհատի արժանապատուութեան, պահանջելով անոր հիմնական իրաւունքները։
Արդ՝ Խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ պատգամը, միայն քրիտոնեաներու ուղղուած պատգամ մը չէ, այլ կ՛ընդգրկէ բոլորը, նոյնիսկ չարչարանքի, տառապանքի եւ մահուան փորձառութիւնը- որ բոլորին համար կը խնդրէ իրաւունքը Աստուած փնտռելու, ճանչնալու եւ փառաբանելու զինք, ըլլայ անհատապէս ըլլայ հաւաքականութեամբ։
Առանց այս իրաւունքի գործադրութեան, կարելի չէ ունենալ խաղաղ հասարակութիւն մը։ Մոլեռանդութիւնը` ծայրայեղութիւնը եւ յարձակողական աշխարհականացումը խաղաղութեան իսկական թշնամիներն են։







All the contents on this site are copyrighted ©.