2010-12-21 14:53:44

Երուսաղէմի Ս. Թաղման Եղբայրութեան Նոր Անդամներու Ընդունման Արարողութիւնը։


Շաբաթ օրը, Լատերանեան Ս. Յովհաննէս Պազելիքային մէջ, կարտինալ ֆոլէյ նախագահը՝ Երուսաղէմի Ս. Թաղման Եղբայրութեան, հանդիսաւոր պատարագ մատոյց կեդրոնական Իտալիոյ՝ Երուսաղէմի Ս. Թաղման եղբայրութեան անդամներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն ու բարեկամներուն։
Նոր անդամներուն ուղղած իր քարոզին մէջ, մէջբերելով Պօղոս առաքեալի Հռոմէացիներուն ուղղած թուղթէն հատուածը , ուր՝ առաքեալը կ'ըսէ ՜՜դուք որ կը բնակիք Հռոմ, Աստուծմէ սիրուածներ, եւ կոչումով սուրբ, ձեզի շնորհք եւ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, մեր Հօր, եւ մեր Տիրոջմէն Յիսուս Քրիստոսէն՝՝, Կարտինալ ֆոլէյ ըսաւ. Պօղոս առաքեալը, ձեզի ուղղակի կը խօսի, դուք կոչումով սուրբ էք։ Դուք որ անդամներ դարձաք Երուսաղէմի Ս. Թաղման եղբայրութեան, կանչուած էք սրբութեան։ Ձեր առաջին պարտականութիւնն է սուրբ դառնալ, մօտ ըլլալ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի եւ երկրորդ՝ օգնութեան հասնիլ Ս. Երկրի մեր եղբայրներուն։
Ձեր եղբայրութեան անունը ինքնին խօսուն է, ի յայտ կը դնէ Յիսուսի կեանքի վերջին պահը` անոր կեանքը, մահը, թաղումը եւ Յարութիւնը։
Ձեր եղբայրութիւնը կ՝ողջագուրէ եւ կը զօրակցի Յիսուսի Ս. Երկրի առաջին աշակերտներու շառաւիղներուն։ Անոնք ողջ քարերն են Ս. Երկրի ըսաւ Կարտինալ ֆոլէյ եւ եզրափակեց իր խորհրդածութիւնը ըսելով . ՜՜ Ձեզմէ պիտի խնդրեմ որ յատուկ կերպով հայցէք Յիսուսէն խաղաղութեան շնորհքը Ս. Երկրի բոլոր բնակիչներուն համար՝՝։






 







All the contents on this site are copyrighted ©.