2010-12-21 14:13:38

Երեւանի Նորընտիր Քաղաքապետի Երդման Արարողութիւնը։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայ գտնուեցաւ Երեւանի աւագանիի նիստին ընթացքին մայրաքաղաքի նորընտիր քաղաքապետ Կարէն Կարապետեանի երդմնատուութեան հանդիսաւոր արարողութեան, որուն ներկայ էր նաեւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ Կաթողիկոս։ Հայաստանի նախագահին մամլոյ գրասենեակը կը յայտնէ, որ նախագահ Սարգսեան շնորհաւորեց Կարէն Կարապետեանը՝ անոր մաղթելով եռանդ, հաստատակամութիւն եւ յաջողութիւն։
Հայաստանի նախագահը նշեց որ Կարապետեան լաւ կառավարիչ է, յարգանք կը վայելէ Երեւանի մէջ եւ ունի բարոյական լաւ նկարագիր։ Իսկ իր կարգին երդմնատոպւութեան արարողութեան ընթացքին Կարէն Կարապետեան ըսաւ ի մէջ այլոց ՝՝ Ես պարտաւոր եմ պաշտպանել համայնքի իրաւունքները, օրինական շահերը եւ սեփականութիւնը, մեծ նուիրումով սատարել ժողովուրդի հաւատքին, նպաստել անոր նիւթական եւ հոեւոր վերելքին, աջակից ըլլալ ամէն մէկ ազնիւ նախաձեռնութեան, որ կը նպատակադրէ իմ համաքաղաքացիներուս նուիրական աղափարներուն իրականացման՝՝ ։







All the contents on this site are copyrighted ©.