Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ, Դեկտեմբեր 17ին կայացած նոր քաղաքապետի ընտրութեան արդիւնքով
քաղաքապետ ընտրուած է աւագանիի միակ թեկնածուն՝ «Հանրապետական» խմբակցութեան առաջադրած
անդամը՝ Կարէն Կարապետեանը: Դեկտեմբեր 16ի ուշ երեկոյեան արդարեւ , Հայաստանի Հանրապետական
կուսակցութեան (ՀՀԿ) խորհուրդը միաձայն որոշած էր, թէ Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնին համար
կ՝առաջարկէր «Հայռուսկազարդ» ընկերութեան նախագահ Կարէն Կարապետեանի թեկնածութիւնը: