2010-12-20 16:45:32

Լիբանան- Էշրէֆիէի՝ Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնը։


Կիրակի առաւօտ (19 դեկտեմբերին) Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը՝ Գեղամ արք Խաչերեան Ս. պատարագ մատոյց Սոյն Եկեղեցւոյ տօնին առիթով ։
իր քարոզին մէջ սրբազանը նկատել տուաւ, որ սուրբերը հաւատքի լաւագոյն ներկայացուցիչներն ու օրինակներն են, որոնք իրենց կեանքով Աստուծոյ հաւատքը ապրած ըլլալու օրինակը կու տան մեզի։
Սրբազանը յայտնեց, որ եկեղեցին ունի սուրբեր, որոնք շնորհիւ իրենց ամուր հաւատքին, եղան Աստուծոյ մօտ, Աստուծոյ սիրելի, եւ երբ Աստուծմէ բան մը խնդրեցին՝ ստացան։
Սուրբերը պարզ կեանք մը ապրեցան եւ արտաքնապէս ամէն ինչէ հեռու մնացին, սակայն ընդունուեցան Աստուծոյ կողմէ։ Սուրբը այն անձն է, որ հաւատքով կրնայ տեսնել իրականութիւնը, շեշտեց Գեղամ արք Խաչերեան, նկատել տալով որ նիւթականը աշխարհի վրայ պիտի մնայ, կարեւորը զայն գործածելն է օգտակար բաներու համար՝ աւելցնելով, որ ժողովուրդէն կը պահանջուի ազգային պարտականութիւն, զոր կատարելու համար հաւատքի կարիքը կայ։
Առաջնորդը ապա յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսը 2011 տարին յայտարարած է ՜՜ Հայ մանուկի տարի՝՝ աւելցնելով, որ մանուկը պէտք ունի մեզի, մեր գործին, մեր աշխատանքին, մեր դաստիարակութեան, մեր զոհողութեան, մեր հետաքրքրութեան, մեր հոգատարութեան՝ հարց տալով, որ արդեօք մենք պիտի կարենա՞նք այդ պարտականութիւնը կատարել։








All the contents on this site are copyrighted ©.