2010-12-20 13:26:08

Բողոքի Նամակ ՄԱԿ-ին Նախիջեւանի Խաչքարերու Սրբապղծման Մասին


Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու ՝՝Համազգային՝՝ը բողոքի նամակ մը յղած է ՄԱԿ-ի անդամ 170 երկիրներու պատուիրակութիւններուն, Նախիջեւանի մէջ կատարուած խաչքարերու սրբապղծման հնգամեակին առիթով։ Նամակը, գործակցութեամբ ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն դեսպան Կարէն Նազարեանի, յղուած է նման գրքոյկի մը 90 էջերէ բաղկացած (երկլեզու՝ անգլերէն եւ ֆրանսերէն), որուն մէջ մանրամասնօրէն կը նկարագրուին խաչքարերու պատմականն ու անոնց մշակութային կարեւորութիւնը։
Հայաստանի ՝՝Մեծակրօն մայրաքաղաք՝՝ եւ ՝՝Պարծանք հայոց ազգիս ՝՝Ջուղան անշուք դարձնելու թուրքերու եւ այլ արշաւողներու դարերով մշակուած ծրագիրը այլեւս իրականութիւն է. Ջուղայի պատմագիտական արժէք ունեցող գերեզմանոցը այլեւս գոյութիւն չունի։ Եզակի արժէք ունեցող հազարաւոր խաչքարեր այլեւս լուսանկարներու մէջ միայն ցոյց կու տան իրենց անկրկնելի հմայքն ու իւրայատկութիւնը։ Նամակը կ՝եզրակացնէ, թէ Ջուղայի խաչքարերու ջարդն ու փոշիացումը շարունակութիւնն են թրքական ծանօթ քաղաքականութեան։ Պատմութեան ընթացքին թուրքերը բազմիցս մահ ու աւեր սփռած են հայկական հողերուն վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.