2010-12-19 13:31:54

Քրիստոնէական Տեղեկատուութեանց Միջոցներու 9-րդ Ցուցահանդէս Լիբանանի Մէջ։


Լիբանանահայ Երիտասարդ Մանրանկարչուհի՝ Լուսին Գաբրիէլեան, Նաեւ Մաս Կազմեց Գեղարուեստական Ձեռնարկին ։
Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Կաթողիկէ մամուլի համաշխարհային միութեան Լիբանանի ճիւղին (UCIP* LIBAN), Քրիստոնէական տեղեկատուութեանց միջոցներու 9-րդ ցուցահանդէսը, տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մար Իլիաս եկեղեցւոյ կողքի սրահին մէջ։ Այս տարուան ցուցահանդէսը կը կրէր ՜՜Տեղեկատուութեանց միջոցները եւ կինը՝՝ խորագրեալ թեման։
Առ այդ, տասնօրեայ այս ձեռնարկերուն իւրաքանչիւր օրը, ցուցահանդէսին կողքին, յատկացուած էր նաեւ մեծարելու լիբանանցի իգական ականաւոր դէմքեր՝ մամուլի, գրականութեան թէ արուեստի բնագաւառներէն, ընկերակցութեամբ տեղւոյն վրայ ստեղծագործող գծագրիչի մը։
Այս ծիրին մէջ, լիբանանահայ երիտասարդ մանրանկարչուհի Լուսին Գաբրիէլեան մաս կազմեց գեղարուեստական ձեռնարկին, որ յատկացուած էր լիբանանցի իգական դէմքեր։
Լուսին Գաբրիէլեան մանրանկարչութեամբ մասնագիտացած է Երեւանի մէջ ու լիբանան վերադառնալով՝ գծագրութեան արուեստի սկզբունքները կը դասաւանդէ զանազան վարժարաններու մէջ։ Ան իր անհատական առաջին ցուցահանդէսը կազմակերպած է 1992-ին, Հալէպի Լեւոն Շանթ սրահին մէջ։ Նմանապէս, իր գործերու ցուցահանդէսը կազմակերպուած է, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի 70-ամեակի (1939-2008) տօնակատարութեան ծիրին մէջ։
Այս առիթով Ազդակի հարցումներուն պատասխանելով՝ մանրանկարչուհի Լուսին Գաբրիէլեան յայտնեց, թէ ինք փոքր տարիքէն կը սիրէր այս արուեստը եւ իրեն համար մանրանկարչութեան ու գծագրութեան մարզը էական միջոց է՝ ինքզինք արտայայտելու եւ դրսեւորելու իր մօտեցումները։ Ան խորապէս հպարտ կը զգայ, որ ինք միակ հայուհին է որ հայկական արուեստը կը ներկայացնէ լիբանանեան գրական ու արուեստի նման ձեռնարկի մը ընթացքին։







All the contents on this site are copyrighted ©.