2010-12-19 12:57:25

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։

կիրակի 19 դեկտեմբեր Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Ս. Մատթէոսի Աւետարանը կը պատմէ թէ ինչպէս եղաւ Յիսուսի Ծնունդը Ս. Յովսէփի ակնոցով։ Մարիամ անոր մայրը` որ նշանուած էր Յովսէփի հետ, անոր հետ բնակելէ առաջ, յղի գտնուեցաւ Սուրբ Հոգիին ազդեցութեամբ։ Յովսէփ անոր ամուսինը` արդար մարդ էր չուզեց հրապարակաւ վարկարակել զինք։ Յովսէփ, ըսաւ Սրբազան հայրը, կը նկարագրուի որպէս արդար մարդ մը, հաւատարիմ Աստուծոյ օրէնքին, միշտ յօժարակամ Աստուծոյ կամքը կատարելու։ Այս պատճառաւ ան մաս կը կազմէ մարդեղութեան խորհուրդին երբ Աստուծոյ հրեշտակը երազին մէջ երեւեցաւ անոր եւ ըսաւ. Յովսէփ որդի դաւթի մի վախնար քովդ առնել Մարիամ կինդ, որովհետեւ անոր յղացածը Սուրբ Հոգիէն է։ Ս. Ամբրոզիոս այս դէպքը մեկնաբանելով կը գրէ. Յովսէփին մէջ կը գտնենք արդար եւ սիրալիր անհատի մը դիմագիծը։ Ան սիրայոժար կը կատարէ Աստուծոյ կամքը, վստահ թէ այդ ընելով Աստուծոյ կամքը կատարած կ'ըլլայ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, Ս. Յովսէփ` պաշտպան սուրբը տիեզերական եկեղեցւոյ, կ'ուզեմ ս. Յովսէփի հովուանաւորութեան յանձնել եկեղեցւոյ հովիւները խրախուսելով միաժամանակ բոլոր քրիստոնեաները անոր դիմելու որպէսզի միշտ աւելի կապուինք Քրիստոսի։ Վստահութեամբ դիմենք ամենասուրբ Կոյս Մարիամին որպէսզի Հայցենք լիշնորհոքէն, որպէսզի Յիսուսի ծննդեան տօնին առթիւ մեր աչքերը բացուին եւ տեսնել Յիսուսը ու մեր սրտերը հրճուին սիրոյ զրմանալի տեսիլքով։

Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց խնդրելով Ամենասուրբ Կոյս Մարիամէն օգնութեան հասնիլ երկրագունդի բոլոր ժողովուրդնթերուն, եւ մասնաւորապէս քրիստոնեաներուն, որպէսզի իրենց սիրտը բանան խաղաղութեան եւ ուրախութեան, եղբայրակցութեան ու արդարութեան Աւետարանին։ Բարի կիրակի ամէնուդ։

իսկ Այժմ լսելի կ'ընենք Սրբազան Քահանայապետին տուած օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.