2010-12-19 12:59:24

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Իտալիոյ Նոր Դեսպանին Հաւատարմագրերը Ընդունելով Կ'ողջունէ Իտալիոյ Կառավարութեան Կեցուածքը ՜՜Խաչի՝՝ Նկատմամբ Եւ Կ'աղօթէ Իտալիոյ Ժողովուրդին Բարօրութեան Համար։


Իր գրասենեակին մէջ ընդունելով Վատիկանի մօտ Իտալիոյ նոր դեսպանը տիար ֆրանչեսքօ Մարիա Կրեքոն, Նորին Սրբութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց իտալական կառավարութեան որ 2009ին պաշտպանեց խաչին ներկայութիւնը դպրոցներու մէջ։

Յայտնենք թէ՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, 2011ի խաղաղութեան համաշխարհային օրուան իր պատգամին մէջ, կ'ընդգծէ թէ կրօնքի դէմ անուղղակիօրէն մղուած պայքարը, Արեւմուտքին մէջ, հակառակ է կրօնքի ազատութեան սկզբունքին։ Սրբազան Հօր գնահատումով՝ խաչը քրիստոնէական հաւատքի գերագոյն խորհրդանիշն է եւ միաժամանակ կը խօսի բարի կամք ունեցող մարդոց եւ զայն հրապարակաւ ցուցադրելը պէտք չէ որ խտրականութեան պատճառ ըլլայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.