2010-12-19 13:32:47

ՀԱՅԱԶԳԻ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԴԷՄՔԵՐ
Գրիգոր Օտեան
(1834-1886). Սահմանադրական բարեկարգումներու
հայ իրաւապաշտպանը։


Հայ ժողովուրդի մեծարանքին արժանացած տոհմ է արեւմտահայ Օտեան ընտանիքը, որուն արժանաւոր ներկայացուցիչներէն Գրիգոր Օտեանի ծննդեան 176-րդ տարեդարձն էր Դեկտեմբեր 9ին։

Թէեւ Օտեաններու կրտսերագոյն սերունդի ներկայացուցիչը՝ հայ երգիծական գրականութեան մեծանուն վարպետ Երուանդ Օտեանը անմահութեան արժանացուց Օտեան տոհմանունը, այսուհանդերձ՝ անոր հօրեղբայրը Գրիգոր Օտեանի ներդրումը եւս եղաւ մեծարժէք։ Շնորհալի գրողի եւ խոհուն մտաւորականի իր արժանիքներէն անդին՝ Գրիգոր Օտեան հռչակուեցաւ իբրեւ ազգային, քաղաքական եւ հասարակական ազատամիտ ու յառաջադէմ գործիչ, որ մինչեւ վերջին շունչ պայքարեցաւ հայոց Ազգային Զարթօնքին նուաճման համար։

Հայ իրականութեան մէջ Գրիգոր Օտեան եղաւ դրօշակիրն ու յառաջապահը Սահմանադրական կարգերու հաստատման՝ իր անունին կապելով ոչ միայն մշակումն ու որդեգրումը 1862ի Հայոց Ազգային Սահմանադրութեան, այլեւ 1876ին վարչապետ Միտհաթ փաշայի կողմէ հրապարակուած ու Սուլթանին պարտադրուած Օսմանեան Սահմանադրութեան։

Հանրագիտական տեղեկութեանց համաձայն՝ Գրիգոր Օտեան երկրորդ սերունդի ներկայացուցիչներէն էր Օտեաններու գերդաստանին, որ փայլեցաւ իր անուանի զաւակներով, որոնք ապրեցան եւ գործեցին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, իրենց մեծակշիռ ներդրումը ունենալով պոլսահայ եւ ընդհանրապէս արեւմտահայ հասարակական, քաղաքական եւ մշակութային կեանքին մէջ։

Գրիգոր Օտեան հռչակուեցաւ իբրեւ բարձրարժէք մտաւորական, որ հայոց 19րդ դարու Ազգային Զարթօնքի պատմութեան մէջ ունեցաւ վճռորոշ դերակատարութիւն։ Պոլսոյ մէջ հայերէնով եւ օսմաներէնով կրթութիւն ստանալէ ետք, ան բարձրագոյն ուսման հետեւեցաւ Փարիզի համալսարաններէն ներս, ականատեսն ու մասնակիցը դարձաւ 1848ի ֆրանսական եւ եւրոպական ընկերային յեղափոխութեանց հետեւած շարժումներուն, որոնց ներշնչումով ալ, Պոլիս վերադարձին, 1850ականներուն, գաղափարակիցն եւ գործակիցը դարձաւ նոյնպէս Փարիզ ուսանած եւ Երկիր վերադարձած ազգային անուանի յառաջդիմական գործիչներ Նահապետ Ռուսինեանի, Նիկողոս Պալեանի եւ Սերովբէ Վիչենեանի, որոնք ստեղծեցին հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը։ Այդ Սահմանադրութիւնը, իր ընդհանուր փիլիսոփայութեամբ, մինչեւ մեր օրերը կը պահպանուի եւ հիմքը կը կազմէ տարագիր հայութեան ազգային-եկեղեցական կեանքի կազմակերպումին, աշխարհական մասնակցութեան եւ ժողովրդային հակակշռի սկզբունքները սահմանադրականօրէն նուիրագործելով։

Գրիգոր Օտեան յայտնի է նաեւ որպէս Օսմանեան Կայսրութեան պետական գործիչ։ 1860ին ան արժանացաւ Արտաքին Գործոց նախարարութեան քարտուղարի պաշտօնին, իսկ այնուհետեւ գլխաւորեց միեւնոյն նախարարութեան օտար թղթակցութեանց դիւանապետի աշխատանքները, համապատասխան պետական աստիճան ստանալով (սանիյէ)։ 1865ին ան ուղարկուեցաւ Դանուբեռան կուսակալութեան կեդրոնը՝ Ռուսչուկ, իբրեւ քաղաքական ընդհանուր տեսուչ։ 1868ին նշանակուեցաւ Պետական Խորհուրդի քարտուղար, իսկ 1869ին Արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանապետ։

1871ին ան կոչուեցաւ Հանրային Կառոյցներու եւ Շինութեանց նախարարութեան մէջ փոխնախարարի պաշտօնին։ Նոյն թուականին, կարճ շրջանի մը համար, խորհրդականի պաշտօն ալ ստանձնեց Առեւտուրի նախարարութեան մէջ։ 1872ին ընտրուեցաւ Օսմանեան Պետական Խորհուրդի անդամ։


Գ. Օտեան սերտ կապեր մշակած էր ատենի թուրք պետական գործիչներու աւագանիին հետ։ Անոնց բարձրագոյն եւ ամենագաղտնի խորհրդակցութիւններուն մասնակից եղած էր։ Յատկապէս մտերիմն ու վստահելի խորհրդականն էր այդ թուականներու Օսմանեան Կայսրութեան մեծ եպարքոս՝ նախարարապետ Միտհաթ փաշայի հետ, որուն յանձնարարութեամբ եւ խրախուսանքով Գրիգոր Օտեան աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցաւ պետութեան օրէնսդրական եւ սահմանադրական բարենորոգման համար ծրագրուած աշխատանքներուն։


Բայց նորահաստատ Օսմանեան Սահմանադրական Ժողովը երկար կեանք չունեցաւ։ Նոյն տարին սուլթանական գահին բազմած Ապտիւլ Համիտ Բ.ը առկախեց Սահմանադրութիւնը եւ ցրուեց Սահմանադրական Ժողովը։ Այնուհետեւ վտանգի տակ ինկաւ սահմանադրութեան հեղինակներուն եւ համակիրներուն կեանքը։ Թուրք պետականքաղաքական բարձրաստիճան գործիչներու շարքին, խուսափելու համար սուլթան Համիտի հետապնդումներէն, Գրիգոր Օտեան իր կարգին 1880ին ստիպուեցաւ ապաստանիլ Փարիզ, ուր եւ մնաց ու գործեց մինչեւ իր վախճանը՝ 1886 թուին։

1870ականներու վերջերուն, Գրիգոր Օտեան կարեւոր ներդրում ունեցաւ նաեւ Հայկական Հարցի միջազգայնացման գործին մէջ։ 1878ին, Պերլինի Վեհաժողովի նախօրեակին, Գրիգոր Օտեան հանդէս եկաւ Հայկական Նահանգներու ինքնավարութեան առաջադրանքով, որ դժբախտաբար չարժանացաւ ատենի Թրքա-հայոց Պատրիարքարնի ազգային իշխանութեանց կողմէ. միայն Խրիմեան Հայրիկ դրականօրէն արձագանգեց բարենորոգումներու պահանջէն անդին անցնող եւ ուղղակի հայոց ինքնավարութիւնը պահանջող Գրիգոր Օտեանի պատրաստած յուշագրին։

Հայկական ինքնավարութեան իր պահանջով հանդերձ՝ Գրիգոր Օտեան բնաւ կողմնակից մը չեղաւ յեղափոխութեան։ Միշտ գործեց ազատական մտածողութեամբ եւ ընդդիմացաւ յեղափոխական քայլերուն՝ յատկապէս գաւառներու հայ բնակչութեան ազգայինքաղաքական ընդհանուր լուսաւորումը եւ քաղաքացիական կազմակերպումը նկատելով գրաւականը Հայկական Հարցի արդար լուծման։







All the contents on this site are copyrighted ©.