2010-12-18 11:35:36

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը 2011-ին Պիտի Այցելէ Պէնէանի Հանրապետութիւնը։


Պէնէանի Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի եւ տեղական կառավարութեան տուած միացեալ յայտարարութեան համաձայն, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը` ընդառաջելով Պէնէանի Նախագահ՝ Պոնի Եայիի եւ Պէնէանի եպիսկոպոսական դասի հրաւէրներուն` յառաջիկայ տարի՝ 2011-ի նոյեմբեր 18 էն 20, հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ Պէնէանի հանրապետութիւն։
Հովուական այս այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ Պէնէանի քրիստոնէացման 150ամեակի առթիւ։ Միաժամանակ Սրբազան Քահանայապետին համար այս այցելութիւնը առիթ պիտի հանդիսանայ Ափրիկէի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին յայնձնելու՝ ՜՜ առաքելական յորդորագիր՝՝ որ մը շարադրուած է, ներշնչուելով Ափրիկեան ցամաքամասի ի նպաստ 2009ին գումարուած յատուկ սիւնհոդոսի արդիւնքներէն եւ խորհրդածութիւններէն, որպէս առաքելական ուղեգիծ ափրիկէի եկեղեցւոյ։ Յորդորագրին բնանիւթն է ՜՜ Ափրիկէի եկեղեցին ի սպաս հաշտութեան` արդարութեան եւ խաղաղութեան՝՝ ։Այցելութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը առիթը պիտի ունենայ յիշատակելու նաեւ՝ Պէնէանի զաւակ` անմոռանալի Կարտինալ Պերնարտէան Կանդէանը։ Պենինի կառավարութիւնը եւ Կաթողիկէ Եկեղեցին պիտի համագործակցին կազմակերպելու երեւելի հիւրին այցելութեան օրակարգը։










All the contents on this site are copyrighted ©.