2010-12-18 11:35:47

Արամ Ա կաթողիկոս Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը։


Ուրբաթ, 17 դեկտեմբերին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոս Անթիլիասի վեհարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելին։
Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի առնչուած հարցեր։
Վեհափառը տեղեկութիւններ տուաւ դեսպանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բազմերես առաքելութեան մասին։







All the contents on this site are copyrighted ©.