2010-12-17 15:02:30

Պոլսոյ Մէջ Հայ Ճարտարապետներու Նուիրուած Ցուցահանդէս.


 ՝՝Պոլիսը Պոլիս դարձնելու գործին մէջ անգերագնահատելի է Անատոլուի հայերուն դերը, եւ մենք պէտք է յարգանքով խոնարհինք անոնց առջեւ՝ Ճարտարապետ Սինանէն մինչեւ Պալեաններու Տոհմը՝՝.......

Միջազգային ՝՝Հրանդ Տինք հիմնադրամը՝՝ ,ապա ՝՝Հայճար՝՝ հայ ճարտարապետներու միութիւնը եւ ՝՝Իսթանպուլ Մոտէռն՝՝ (Istanbul Modern) ցուցասրահը, կազմակերպած են ԺԹ. եւ Ի. դարերուն Պոլսոյ դիմագիծը կերտած հայ ճարտարապետները ներկայացնող ցուցահանդէս մը։ Ան մաս կը կազմէ ՝՝2010-ի մշակոյթի մայրաքաղաքը՝ Պոլիս՝՝ ծրագրին։
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են այդ ճարտարապետներուն կեանքը, անոնց ստեղծագործած շէնքերու պատմութիւնը, եւ այսօր այլեւս անունը չյիշուող շուրջ 40 հայ ճարտարապետի 100-է աւելի՝ ճարտարապետական յատակաիծերը եւ շինութիւններու հին նկարները։

Ցուցահանդէսը համադրուած է ճարտարապետ Հասան Քուրուեազըճըի կողմէ։ Ան, շրջագայելով ՊՈԼՍՈՅ՝ Քուրթուլուշ, Փանկալթը, Թաքսիմ, Ճիհանկիր, Թարլապաշը, Թիւնէլ, Ղալաթիա, Էմինէօնիւ եւ Մահմութփաշա թաղամասերը, պատրաստած է իր ուսումնասիրութիւնը, որ ներկայացուած է անգլերէն - թրքերէն եւ թրքերէն - հայերէն գրքոյկներով։ Ցուցահանդէսը բաց կը մնայ մինչեւ 2011-ի Յունուար 2, Քարաքէօյի ՝՝Իսթանպուլ Մոտէռն՝՝ ցուցասրահին մէջ։

ԵԹԷ ՀԱՅԵՐԸ ՉԸԼԼԱՅԻՆ,
ՊՈԼԻՍԸ՝ ՊՈԼԻՍ ԿԸԼԼԱ՞Ր հարց կուտայ Ճէնկիզ Չանտար յայտնի թուրք լրագրողը։

Թրքական ՝՝Ռատիքալ՝՝ օրաթերթի վերլուծաբան եւ յօդուածագիր Չենկիզ Չանտար՝ անդրադառնալով Պոլիսը աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ քաղաքներէն մէկը դարձնելու գործին մէջ հայ ժողովուրդի տաղանդաւոր զաւակներուն ունեցած անգերագնահատելի ներդրումին, կը գրէ, որ ներկայ Պոլիսին համար ճարտարապետութեան տեսանկիւնէն թուրքերը պարտական են հայ ճարտարապետներուն։ Թուրք յօդուածագիրը իր ՝՝Եթէ հայերը չըլլային, արդեօք Պոլիսը կըլլա՞ր ՝՝ խորագիրով յօդուածին մէջ մասնաւորաբար կանդրադառնայ Պալեան Գերդաստանին ՝ Պոլսոյ ճարտարապետական ժառանգութեան մէջ ձգած անջնջելի հետքին՝ մէկ առ մէկ թուելով այդ ընտանիքի ներկայացուցիչներուն կառուցած շինութիւնները։ Յօդուածագիրը կ՝անդրադառնայ նաեւ հռչակաւոր Միմար(Ճարտարապետ) Սինանին (թուրք ըլլալով ընդունուած)՝ նշելով, որ ան նոյնպէս հայկական ծագում ունի։ Միմար Սինան ծնած էր Կէսարիա եւ Տէվշիրմէ եղած է։

՝՝Պոլիսը Պոլիս դարձնելու գործին մէջ անգերագնահատելի է Անատոլուի հայերուն դերը, եւ մենք պէտք է յարգանքով խոնարհինք անոնց առջեւ՝ Սինանէն մինչեւ Պալեաններ-ը՝՝։ Հարկ է նաեւ, որ բոլորս մտածենք, թէ ինչպէ՛ս եղաւ, որ 1915-ը մեր երկիրը տափաստանի վերածեց։ Պէտք է հասկնանք, թէ այդ կոտորածները՝՝ կ՝ուզէք ՝՝ցեղասպանութիւն՝՝ կուզէք՝ բռնութիւն կամ ալ ՝՝սուտ պատմութիւն՝՝ ինչպիսի չքաւորութիւն բերին մեր երկրին՝՝ (կը գրէ յայտնի թուրք լրագրող Ճէնկիզ Չանտար)։

 







All the contents on this site are copyrighted ©.