2010-12-16 14:04:01

Քահանայական Ձեռնադրութիւն Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ս. Եղիա Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ։


Ռոպէր Սրկ. Պատիշահ՝ Զմմառու Արծիւեան Միաբանութենէն, կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեցաւ ստանալով Հայր Գրիգոր անունը։
Շաբաթ 11 դեկտեմբեր 2010-ի երեկոյեան՝ (ժամը 17-ին) Պէյրութի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, Հայրապետական Ս. Պատարագի ընթացքին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքը կուսակրօն քահանայ ձեռնադրեց Ռոպէր սրկ. Պատիշահը՝ Զմմառու Արծիւեան Միաբանութենէն, տալով անոր Հայր Գրիգոր անունը։ Սրբազան երգեցողութիւնը կատարեց Կռունկ երգչախումբը։ ՜՜Զի ողորմած՝՝ աղօթքէն ետք՝ սաղմոսներու ընթերցութեամբ՝ ընծեալ սարկաւագը Տէր Ռոպէր յառաջացաւ ու բարձրացաւ սուրբ խորան, ապա դարձաւ դէպի ժողովուրդ ձեռքերը ականջներուն դրած՝ ի նշան աշխարհայինէն իր հրաժարումին եւ աստուածայինին ընդունումին։ Որմէ ետք որպէս քահանայութեան թեկնածու ան ծնրադիր՝ եկեղեցւոյ դասին մէջ, երեսը դէպի ժողովուրդ, ձեռքերը վեր բարձրացուց։ Շրջապատուած էր ան, քահանայից դասէն, որոնք կ՝երգէին ՜՜Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ... կոչելով զԳրիգոր սարկաւագութենէ ի քահանայութիւն ՝՝շարականը, երեք անգամ որոնց՝ երգչախումբը պատասխանեց «Արժանի է...՝՝։
Ձեռնադրութենէն ետք Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընծայեալին ուրարը ձախ ուսէն առնելով դրաւ աջ ուսին վրայ, որպէս նշան՝ Քրիստոսի քաղցր լուծին յանձնառութեան։
Որք արժանաւորեալք շարականի երգեցողութեամբ՝ Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական վարժարանի մեծաւորը՝ գերյարգելի Հ Գէորգ Ծ Վրդ Նորատունկեան, ուղղուեցաւ դէպի ձախ խորան թափօրով բերելու Ս. Միւռոնի Աղաւնին։ Ապա ձեռնադրիչ հայրապետը Ս. Միւռոնով օրհնեց , օծեց եւ սրբեց ընծայեալին ճակատը, ինչպէս նաեւ աջ ու ձախ ափերը, որմէ ետք ձեռնադրուած նորօծ վարդապետը Հայր Գրիգոր Պատիշահ՝ երեք անգամ ժողովուրդին տուաւ իր անդրանիկ օրհնութիւնը ՜՜Խաղաղութիւն ամենեցուն՝՝ը։
Պատարագը շարունակուեցաւ մինչեւ ՜՜Ողջոյն Տուք միմիանց՝՝ ուր ներկայ եկեղեցականները համբուրեցին նորօծ քահանային՝ Հայր Գրիգոր վարդապետին միւռոնաօծ ճակատն ու ձեռքերը։
Արարողութեան աւարտին ձեռնադրիչ հայրապետը՝ Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքը, աւուր պատշաճի քարոզ արտասանեց եւ շնորհաւորեց Զմմառու կաթողիկոսական Արծիւեան հնադարեան Միաբանութիւնը ( քանի որ ինչպէս արդէն ըսինք՝ Հայր Գրիգոր Զմմառու Միաբան է) շնորհաւորեց նաեւ նորօծ վարդապետին ծնողքը եւ համայն հայ կաթողիկէ եկեղեցին։
Պատարագէն եւ ձեռնադրութեան այս հոգեպարար արարողութենէն ետք՝ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, հաւատացեալ ժողովուրդը շնորհաւորեց ձեռնադրիչ Կաթողիկոս-Պատրիարքը, Զմմառու Միաբանութեան մեծաւորը, Նորօծ վարդապետ Հայր Գրիգորը եւ անոր ընտանիքը ։
Նշենք թէ (2010-ին) քահանայի տարւոյն ընթացքին Զմմառու Արծիւեան Միաբանութիւնը հարստացաւ չորս միաբան քահանաներով։ Նորօծ վարդապետը Հայր Գրիգոր պիտի ծառայէ Զմմառու դպրեվանքէն ներս որպէս փոխ տեսուչ։
Ռատիովատիկանի Հայերէն հաղորդումներու անձնակազմը կը շնորհաւորէ Հ. Գրիգոր Պատիշահը մաղթելով անոր բեղուն առաքելութիւն ի սպաս հայ եկեղեցւոյ եւ Զմմառու Արծիւեան Միաբանութեան վերելքին ու պայծառութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.