2010-12-16 14:00:45

''Ս. Աթոռը Եւ Ուկրանիան. Քրիստոնեայ Եւրոպայի Մը Համար''։
Ուկրանիան մաս կը կազմէ Եւրոպայի։


Ուկրանիոյ ժողովուրդին ձգտումը սերտ կապեր հաստատելու եւրոպական ազգերու հետ արդար իրաւունք մըն է՝՝ այսպէս յայտարարած է Կարտինալ Սանտրի` կառավարիչը Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին, խօսք առնելով ''Ս. Աթոռը եւ ուկրանիան. քրիստոնեայ Եւրոպայի մը համար'' գիտաժողովին։
Վատիկանի կիսապաշտօն օրաթերթը` Օսսերվաթորէ Ռոմանօ, մէջբերելով կարտինալին վերոյիշեալ յայտարարութիւնը կը գրէ թէ՝ Ս. Աթոռը Ուկրանիոյ ժողովուրդին ակնկալութիւնը այդ ուղղութեամբ կը նկատէ լուրջ ուսումնասիրութեան արժանի, որովհետեւ օգտակար է եւրոպական համագործակցութեան ծրագրին։
Յայտնենք թէ ''Ս. Աթոռը եւ Ուկրանիան. քրիստոնեայ Եւրոպայի մը համար'' գիտաժողովը տեղի ունեցաւ դեկտեմբերին սկիզբը գլխաւորութեամբ՝ Ս. Թովմաս Ագուինացիի անուան քահանայապետական համալսարանին, եւ կը վայելէր Ուկրանիոյ դեսպանատան հովուանաւորութիւնը։
Կարտինալ Սանտրին իր ելոյթին ընթացքին մատնանշեց որ՝ Ուկրանիոյ ժողովուրդր որ մեծամասնութեամբ օրթոտոքս է, ինքզինք Եւրոպացի կը համարէ։ Ուկրանացիները պահելով իրենց իւրայատկութիւնը ու միշտ կապի մէջ մնալով Արեւելքի ու Արեւմուտքի հետ, կարող են լաւագոյնս կատարել իրենց ՜՜հանդիպումի առաքելութիւնը՝՝ տարբեր ժողովուրդներու ու մշակոյթներու մօտ։







All the contents on this site are copyrighted ©.