2010-12-16 14:09:03

Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին։


Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն ընկերակցական համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւններու երրորդ լիագումար նիստը, որուն կը մասնակցէին Հայաստանի օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ եւ եւրոպական տարբեր կառոյցներու պաշտօնեաներ, Երեւանի մէջ հաւատարմագրուած Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպաններ։ Բանակցութիւններուն մասնակցելու նպատակով Հայաստան ժամանած է Եւրոպական կողմի գլխաւոր բանակցող Կունար Վիկանթի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու վարչութեան Արեւելեան Եւրոպայի, Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ բաժանմունքի ղեկավար Կունար Վիկանտ ՝՝Ազատութիւն՝՝ ռատիոկայանին յայտնեց հետեւեալը ՝՝Ես կը նկատեմ, որ Հայաստան շատ աւելի լաւ պատրաստուած է բանակցութիւններուն եւ այժմ կը նկատենք ոչ միայն արտաքին գործոց նախարարութեան, այլեւ հոլովոյթին մէջ ընդրկուած միւս նախարարութիւններուն ներգրաւուածութիւնը։ Մենք շատ գոհ ենք, քանի որ ասիկա համապարփակ նախաձեռնութիւն է՝՝ նշեց Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավարը։Իսկ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Կարինէ Ղազինեան նշեց, որ մինչեւ այսօր բանակցութիւնները վարուած են 14 ուղղութիւններով եւ ար¹¿Ý ÇëÏ 8 ·ÉáõËÝ»ñ ÷³Ïáõ³Í »Ý







All the contents on this site are copyrighted ©.