2010-12-16 14:00:58

Գոնկոյի Եկեղեցին Պազելիքա Մը Պիտի Կառուցէ Երանուհի Կոյս եւ Նահատակ Կրօնաւորուհի՝ Մարի Գլեմանդին Անուարիդին անուան։


Երանուհիի տօնին առթիւ, մէկ դեկտեմբերին, Գոնկոյի արեւելեան մարզի առաջնորդը գերապայծառ Անտավօ յայտարարեց որ Գոնկոյի եկեղեցին մտադիր է պազելիքա մը կառուցանել ի պատիւ իրենց սրբուհիին, եւ այդ դիտաւորութեամբ դրամահաւաք պիտի կատարուի երկրի բոլոր թեմերուն մէջ։
Երանուհին մէկ դեկտեմբեր 1964ին դաշունահարուեցաւ իր կուսութիւնը պաշտպանած ըլլալուն համար։ Մեծ հաւատքի տէր կին մը, Անուարիդը օրինակ է արիութեան, հաւատարմութեան եւ ողջախոհութեան, այսպէս կը գրէ Գոնկոյի կաթողիկէ մամուլը։
15 օգոստոս 1985ին Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը զինք երանուհի հռչակեց Գոնկոյի Գինշասա մայրաքաղաքին մէջ։
Երանուհի Անուարիդի սրբակեաց կեանքէն օրինակ առնելով մեծ թիւով աղջիկներ կրօնաւորական կեանքը ընտրեցին, ու Գոնկոյի բազմաթիւ թեմերու երիտասարդական շարժումները զինք ընտրած են որպէս իրենց պաշտպան սուրբը։









All the contents on this site are copyrighted ©.