2010-12-15 12:12:48

Յիսուսի Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Համերգ՝ Հռոմի Ս. Նիկողայոսի Անուան Հայոց Եկեղեցւոյ Մէջ։


Հովանաւորութեամբ՝ Հռոմ մայրաքաղաքի մշակութային եւ հաղորդակցութեանց քաղաքապետական յանձնաժողովին, եւ կազմակերպութեամբ ՜՜Spazio Teatro 80 մշակութային ընկերակցութեան, ու համագործակցութեամբ՝ Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդին, Կիրակի 12 դեկտեմբեր 2010-ի երեկոյեան՝ ժամը 18.30-ին, Ս. Նիկոյաղոսի անուան հայոց եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ համերգ մը, (ի պատրաստութիւն Յիսուսի Ծննդեան) ՜՜ կրօնական տարբեր իրադրութիւններու յարգանքի եւ նուիրականութեան արժէքով միացած՝՝ բնանիւթով ։
Համերգին սկիզբը օրուան հանդիսավարը Մատտալէնա Գակկավալլօ-ն ողջունեց ներկաները, եւ յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնեց Հռոմի Լեւոնեան Հայ Վարժարանի մեծաւորին՝ Գերյ. Հ. Գէորգ Ծ Վ Նորատունկեանին որ ընդունեց որ այս համերգը տեղի ունենայ Ս. Նիկողայոսի անուան Հայոց եկեղեցւոյ մէջ, որը ծայրէ ծայր լեցուն էր հայ եւ իտալացի արուեստասէրներով։ Ներկայ էր նաեւ մամուլը յատկապէս՝ Telepace Armenia Խաղաղութեան ձայնի հեռուստատեսիլը ։
Մատտալէնա Գակկավալլոն՝ ապա հրաւիրեց Հռոմի բազմացեղային բազմաձայն երեխաներու երգչախումբը կազմուած՝ 8 տարբեր ազգութիւններու պատկանող երախաներէ, ղեկավարութեամբ Գարլօ Մօնթիչէլլի Քուճճոյի, որ հրամցուց ՜՜Ծննդեան երգերու ծաղկեփունջ մը՝՝ ստեղծելով տօնական մթնոլորտ մը. հաճելի էր լսել յատկապէս մեներգող պարմանուհի Գլարիսսա Թուլլիէի կատարումը, իր երգի դասատու՝ Սարա Բասթորէի հետ։
Ապա իտալահայ սօփրանօ եւ ասմունքող Սարա Բասթօրէ արտասանեց Եղիշէ Չարենցի՝ ՜՜Ես իմ անուշ Հայաստանի՝՝ բանաստեղծութիւնը, իտալերէնի թարգմանուած՝ հայերու մեծ բարեկամ ողբացեալ Մարիօ Վերտոնէի կողմէ. Սարային ջութակով կ՝ընկերանար Էլէօնօրա Ճոզուէն։
Ապա (միշտ Սարա Բասթորէն) երգեց հայ մարտիրոսներու նուիրուած՝ ՜՜Լռեց ամպերը ելան ծածկեցին երկինք՝՝ը, Ave Maria , եւ Panis Angelicus-ը. որմէ ետք խօսք առաւ Alleanza per le Arti՝- ՜՜Արուեստի ի նպաստ դաշնակցութիւն ՝՝ կազմակերպութեան ՝ նախագահը. ան նշեց սոյն կազմակերպութեան նպատակը, որ է արժեւորել արուեստը եւ մշակոյթը իր բոլոր տեսակներով, ան ըսաւ նաեւ թէ սոյն կազմակերպութիւնը զօրակցութեան ու բարեսիրական գործունէութեանց միջոցառումներով եւս հանդէս կու գայ։
Այս առթիւ ան ''Alleanza per le Arti'' ի կողմէ՝ վկայագիրներ յանձնեց Հայր Սթէֆանօ տէ ֆիորէսի, Հայր Էրնեսթօ Բիաչէնթինիի եւ Հայր Գէորգ Նորատունկեանին, ՜՜Խաղաղութեան ի նպաստ՝՝ իրենց տարած գործունէութիւններուն համար, որոնց երեք վարդապետները իրենց շնորհակալութեան արտայայտութիւններէն ետք յայտնեցին իրենց յանձնառումը՝ շարունակելու գործել միշտ խաղաղութեան ի խնդիր։
Ապա Լեւոնեան Հայ դպրեվանքի երգչախումբը ղեկավարութեամբ՝ Պետրոս Աստուծատուրեան Աթթալլայի լսելի ըրաւ Ծննդեան շարականներ, Մեծացուսցէն, Ննջեայ որդեակ-տիրամօր օրօրը, եւ Խորհուրդ մեծ-ը, իսկ Վատիկանի Սանթաննայի անուան երգչախումբը ղեկավարութեամբ՝ Հ. Կայէթանօ Չիվիթիլլոյի լսելի ըրաւ ի մէջ այլոց Նօէլ, Ավէ Մարիա, Նիննա Նաննա եւ Վերտիի՝ La Vergine degli Angeli-ն։
Բազմացեղային բազմաձայն երեխաներու երգչախումբը ներկայացուց Ծննդեան տօնական այլ երգեր եւս որմէ ետք հուսկ բանքը արտասանեց Լեւոնեան վարժարանի մեծաւորը՝ Հայր Գէորգ Ծ Վ Նորատունկեանը՝ որ քաջալերական խօսք ուղղեց համերգը պատրաստողներուն, մասնակցողներուն եւ մեծաթիւ ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց Telepace Armenia Խաղաղութեան ձայնի հեռուստատեսիլին. որ ներկայ էր հեռասփռելու այս երեկոյթը, nւ մաղթեց բոլորին ուրախ եւ խաղաղ տօնական օրեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.