2010-12-15 13:15:26

Երեւանի Մէջ Միջազգային Գիտաժողով՝Ցեղասպանութեան Մասին։


Նախաձեռնութեամբ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, երէկ Երեւանի մէջ սկսաւ Ցեղասպանութեան վերաբերող երկօրեայ միջազգային գիտաժողովը։ Բացումը կատարելով ՝՝Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը, կանխարգիլում, դատապարտում եւ հետեւանքներու վերացում՝՝ խորագիրը կրող գիտաժողովին՝ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ անցեալին իրագործուած ցեղասպանութիւններու համար քաղաքական տարբեր վարչակազմերու եւ պետութիւններու անպատիժ մնալու, միջազգային հանրութեան կողմէ չդատապարտուելու հանգամանքները յանգեցուցին այն վիճակին, որ մարդկութիւնը տակաւին կը բախի նոր ցեղասպանութիւններու իրականացման սպառնալիքին՝՝։
Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան դառն դասերը մարդկութեան պատմութեան եւ յիշողութեան մէջ չմնացին իբրեւ լոկ անցեալի յուշեր, եւ զանոնք ամբողջացնելու եկան Ողջակիզումի սարսափները, Ռուանտայի, Տարֆուրի եւ բազմաթիւ այլ ողբերգութիւններ։ Դժբախտաբար, ժխտողականութիւնը եւ ցեղասպանութեան ուրացումը տակաւին կը շարունակեն տեղ գտնել մեր աշխարհին մէջ(աւելցուց ան) ։ Հայաստանի նախագահը ընդծեց, որ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման, դատապարտման եւ անոնց հետեւանքներու վերացման առնչուող խնդիրները պէտք է ընդրկուին միջազգային հանրութեան քննարկման օրակարգին վրայ։
Երուսաղէմի մէջ տնուող Ողջակիզումի եւ ցեղասպանութեան հիմնարկի տնօրէն Իսրայէլ Չառնի ընդծեց, որ Իսրայէլ չի ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որովհետեւ ՝՝երկրին մէկ մասը բարոյական է, սակայն միւս հատուածը հաշուենկատ է եւ կը ձգտի հասնիլ իր քաղաքական նպատակներուն՝՝։
Իսկ Յայտնի թուրք պատմաբան, ընկերաբան Թաներ Աքչամ, որ Թուրքիան լքած է տակաւին 1970-ական թուականներուն քաղաքական եւ դատական հետապնդումներու պատճառով եւ ներկայիս կը դասախօսէ Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսեց նահանգի ՝՝Քլարք՝՝ համալսարանին մէջ, յայտնեց, որ Թուրքիա անցում մը կը կատարէ բռնապետական դրութենէն դէպի աւելի բաց՝ ժողովրդավարական համակարգ, եւ ինք փոփոխութիւն կակնկալէ նաեւ պատմութիւնը ընդունելու առումով։







All the contents on this site are copyrighted ©.