2010-12-14 13:33:02

Պաղտատի Մէջ Հոգեհանգստեան Պատարագ Օգնական Տիրամօր Եկեղեցւոյ Մէջ 31 Հոկտեմբերի Զոհերուն Համար։


Տասնեակ հարիւրաւոր քրիստոնեաներ, անցեալ շաբաթ Օգնական Տիրամօր եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցան (Պաղտատի մէջ) հոգեհանգստեան պատարագին, 31 հոկտեմբերի զոհերուն համար։ Լիբանանէն ՝ գերերջանիկ Ինքնատիոս Յովսէփ Գ Եունան պատրիարքը իր քարոզին մէջ ըսաւ . բնաւ չէինք խորհիր հոս գտնուիլ նման տխուր ու ողբերգական առիթի մը համար։ 44 նահատակ հաւատացեալներու ու երկու քահանաներու անմեղ արիւնը պիտի բիւրեղացնէ աշխարհի մեծագոյն սխալներէն մէկը, որ է ՜՜մարդասպանութիւնը յանուն կրօնքի՝՝։ Պատարագին ներկայ էին Իրաքի քաղաքական ու կրօնական բարձրաստիճան անձնաւորութիւնները, դիւանագիտական մարմինը եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.